image

Արցախի մէջ ռուսաց զօրքերը նոր հրամանատար ունին

Արցախի մէջ ռուսաց զօրքերը նոր հրամանատար ունին

Զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովը դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նոր հրամանատարը: Այս մասին գրած է Sputnik Արմենիա-ն՝ յղում ընելով Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրին։

ՌԴ պաշտպանութեան նախարարի նախկին խորհրդական Լենցովն այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ զօրավար-մայոր Անտրէյ Վոլքովին (ան պաշտօնին մնաց մօտ 1 տարի եւ 3 ամիս)։

Լենցով մինչեւ 2020 թուականը եղած է ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ։ Մասնակցած է Չեչնիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն, Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութեան: