image

Արցախի մէջ. Նոր ռուս զօրավարի նշանակումը հաստատուեցաւ

Արցախի  մէջ. Նոր ռուս զօրավարի նշանակումը հաստատուեցաւ

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովի նշանակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի նոր հրամանատարի պաշտօնին։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Լենցով հրամանատարական տարբեր պաշտօններ զբաղցուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերուն մէջ: Եղած է ցամաքային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ, օդային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ: 2020-ի յուլիսէն եղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական:

Մասնակցած Է Չեչնիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու մարտական գործողութիւններուն, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութեան։

2014-ին ստացած է զօրավար-գնդապետի զինուորական կոչում։