image

Արցախի մէջ հրադադարի խախտումներ չկան

Արցախի մէջ հրադադարի խախտումներ չկան

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջադրանքներու կատարումը։ 

Կը տեղեկանանք ՌԴ ՊՆ տեղեկագրէն։ 

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչները երեք երթուղիներով պարեկութիւն իրականացուցած են Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններու եւ Լաչինի միջանցքի մէջ։ 

Անցած մէկ օրուան ընթացքին հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած։

Ապահովուած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով մարդասիրական բեռի մեքենաներու շարասիւնի ուղեկցումը:

Խաղաղապահները անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխարգելման նպատակով կը շարունակեն փոխգործակցութիւնը  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ: