image

Արցախի ապագան Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ. Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի ապագան Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ. Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի ժողովուրդը չի տեսներ իր ապագան Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ մասին իր յստակ դիրքորոշումը վաղուց  յայտնած է: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրառում կատարած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը:

«Ատրպէյճանը եւս պէտք է հասկանայ ու ընդունի, որ խաղաղութեան հասնելու միակ տարբերակը նոյն տարածաշրջանում կողք կողքի, բայց ոչ միասին ապրելն է: Այս մասին եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն ունեցայ կրկնելու Գերմանիայի հանրային՝ ZDF հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցում:

Հեռուստաալիքը ծաւալուն ռեպորտաժով անդրադարձել է Հայաստանին և Արցախին, մասնաւորապէս, սեպտեմբերի 13-ի ատրպէյճանական ագրեսիային (յարձակման) եւ դրա հետեւանքներին, ինչպէս նաեւ կադրեր հրապարակել հոկտեմբերին Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքից:

Համաշխարհային լրատուամիջոցների ուշադրութիւնն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ ողջունելի է», - ըսուած է գրառման մէջ։