image

Արցախէն սարսափելի լուրեր. ՄԻՊ

Արցախէն  սարսափելի լուրեր. ՄԻՊ

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը բազմաթիւ սահմռկեցուցիչ տուեալներ կը ստանայ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ ատրպէյճանական տեղեկատուական ահաբեկչութեան մասին։ 

Ատրպէյճանական թելեկրամ ալիքներով  կը խրախուսեն մարդոց գտնել, սպանել, խոշտանգել եւ բռնաբարել Արցախի անյայտ կորածները՝ նոյնիսկ ատոր համար գումար առաջարկելով։ Անյայտ կորսուածներու բազմաթիւ հարազատներ, որոնք առանց այդ ալ հոգեբանական խոցելի վիճակի մէջ են, կը բողոքեն, որ Ատրպէյճանն իրենց կ'ահաբեկէ եւ կը սպառնայ զանգերով ու sms-ներով։

Սա հայատեացութեան եւ ազգամիջեան ատելութեան եւս մէկ արտայայտութիւն է, որ միայն կ'ապացուցէ, որ խաղաղ բնակչութիւնը չունենայ որեւէ անվտանգութեան երաշխիքներ, եթէ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ ըլլայ։