image

Արցախցիները բողոքի հաւաք կատարեցին Երեւանի մէջ. Իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ պիտի կայացուին

Արցախցիները բողոքի հաւաք կատարեցին Երեւանի մէջ. Իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ պիտի կայացուին

ՀՀ իշխանութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցելու 12 կէտերէն միայն մէկուն շուրջ: Այս մասին, ելոյթ ունենալով Ազատութեան հրապարակը, յայտարարած է Արցախցիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան խորհուրդի  անդամ Աշոտ Աւանեսեան։

Անոր խօսքով, անկէ յետոյ իշխանութիւններուն կողմէ ընկերային հարթակներով թէզեր տարածուած են, որ այս ամէնը ստամոքսակռիւ է, տալով նաեւ այլ որակումներ։

«Այնինչ, միւս կէտերու շուրջ բանակցութիւնները փակուղի էին տարել հենց իրենք՝ նոյնիսկ քննարկման առարկայ չդարձնելով։ Ինչ վերաբերում է սոցիալական (ընկերային) հարցերին՝ մենք առաջարկել էինք մշակել փոխկապակցուած, փաթեթային ծրագիր, որտեղ փոխկապակցուած կը լինեն սոցիալական, բնակարանային, աշխատանքի ապահովման ու այլ հարցեր։ Սա ձեռնտու է հենց պետութեան համար, այս ռազմավարական առաջարկը կտրականապէս մերժուել է»,- նշած է  Աւանեսեան։

«40 հազար դրամի աջակցութեան տրամադրումը յաջողուեց երկու ամսով երկարացնել միայն Ազատութեան հրապարակում տեղադրուած վրանի ապամոնտաժումից (քակել) յետոյ»,- ըսած է ան։