image

Արայիկ Յարութիւնեանին կը սպառնայ ցմահ ազատազրկում

Արայիկ Յարութիւնեանին կը սպառնայ ցմահ ազատազրկում

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին կը սպառնայ ցմահ ազատազրկում: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած են Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի 3-ին Արայիկ Յարութիւնեանը Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ բերման ենթարկուած է Ստեփանակերտի մէջ, անոր մեղադրանք առաջադրուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 100, 116, 117, 120, 214, 214-1, 214-3, 218, 279 եւ  այլ յօդուածներով։

Ըստ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան՝ 1973 թուականին Ստեփանակերտի մէջ ծնած Արայիկ Վլատիմիրի Յարութիւնեանը «մտացածին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնին» մասնակցած է «նուաճողական պատերազմին», «հաւաքագրած, ֆինանսաւորած վարձկաններու», «վարժանքներ իրականացուցած անոնց հետ, կազմակերպած է անոնց ներգրաւուածութիւնը ռազմական հակամարտութիւններուն եւ ռազմական գործողութիւններուն», «խախտած է միջազգային իրաւունքը զինուած հակամարտութեան ժամանակ եւ յանցաւոր հրամաններ տուած զինուած հակամարտութեան ժամանակ»։

Բացի այդ, Յարութիւնեանը կը կասկածուի «ահաբեկչական յարձակումներու նպատակով բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարելու», «Ատրպէյճանի տարածքներն ականապատելու», «պալիսթիք եւ այլ տեսակի հրթիռներով Կեանճա (Գանձակ) քաղաքի եւ Ատրպէյճանի Պարտա շրջանի՝ առաջնագիծի գօտիէն դուրս գտնուող բնակավայրերու եւ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ յարձակումներ կազմակերպելու համար», որու հետեւանքով բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են եւ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած: