image
Հրատապ լուրեր:

Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգէյ Լաւրովը պիտի հանդիպին մարտ 20-ին

Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգէյ Լաւրովը պիտի հանդիպին մարտ 20-ին

Մարտ 20-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն նաեւ հայ–ատրպէյճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն տեղակայելու հարցը։ Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստին յայտարարած է Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը։

«Բոլորս տեղեակ ենք, որ Ռուսաստանը զգայուն վերաբերմունք ունի Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հետ կապուած, հարցը քննարկում ենք մեր գործընկերների հետ։ Դուք գիտէք, որ շուտով նախատեսւում է Արտաքին գործոց նախարարի այցը Մոսկուա, եւ այդ հարցը, վստահաբար, կը քննարկուի»,-ըսած է ան։

Նշենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով մարտ 20-ին Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Բանակցութիւններու օրակարգն է տարածաշրջանային խնդիրները՝ ներառեալ Լաչինի միջանցքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը: