image

Արամ Ա. Վեհափառը՝ Ժողովուրդին Վեհափառը. Գրեց՝ Սագօ Արեան 

Սագօ Արեան Լրագրողի էջէն կը կարդանք՝ 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Հայրապետի եզակի երեւումը չէ այս մէկը, բայց տեսանիւթին մթնոլորտը, անկէ բխած անմիջականութիւնը նորութիւն կը թուին ըլլալ մեզմէ շատերուն համար։ 

 Դէպի ժողովուրդը երթալու, ժողովուրդին հետ խօսելու, ժողովուրդին ձայնը եւ կամ նոյնիսկ բողոքները լսելու ունակութիւնները բաց կամուրջներ են, որոնք կը զօրացնեն մեր եկեղեցին։ Այդ յատկութիւնները եկեղեցիին շուրջ կը հաւաքեն աշխարհով մէկ տարածուած մեր հայրենակիցները եւ առիթ կը հանդիսանան, որ հաւատացեալներ ու պարզ-սովորական հայեր աւելիով հետաքրքրուին մեր եկեղեցիով, անոր Գահակալով, միաբաններով եւ մէկ խօսքով եկեղեցական կեանքով։

 Այնպէս չէ, որ մեր գործած ու անցած եռամեծ հայրերը այս աւանդոյթներով չեն ապրած, այո ապրած են այս բոլորը, սակայն այդ ժամանակներուն անոնք, ոչ պատեհութիւնը, ոչ ալ առիթը ունեցած են կիսուելու իրենց անհատական փորձառութեամբ եւ դպրեվանքի սաներուն հետ իրենց մտերիմ հայրական պահերով։

 Ես ապահով եմ, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ու նաեւ անոր շուրջ բոլորուած երիտասարդ միաբաններու փաղանգը շատ լաւ կը հասկնան ընկերային ցանցերու դերն ու տեղը մեր կեանքին մէջ։

 Ու այսօրուայ աղմուկին, այսօրուայ ջղայնութիւններուն, այսօրուայ բարկութիւններուն եւ չարութիւններուն կողքին ահա Պիքֆայայի լեռնադիր ամրոցէն մեզի հասած այս կարճ տեսանիւթը կը պատմէ Վեհափառ Հայրապետի միւս, յաճախ չերեւցող, ու խորհրդապահական մնացող երեսակին մասին … 

 Բան մը, որ ուրախութիւն պիտի պատճառէ մեզմէ շատերուն, տեսնելով Վեհափառի պարզութիւնը, մեծութիւնը եւ մանաւանդ իրական հայրութիւնը…

Աստուած Օգնական Վեհափառ Տէր եւ երկար աւուր Քրիստոսափայլ Ձեր Առաքելութեան

Ստորեւ  այդ  մասին  «Կիլիկիա»  հարթակին հրապարակած լրատւութիւնը՝ 

— Վեհափառ Հայրապետը դպրեվանեցիներուն հետ կը մասնակցի Դպրեվանքի աւանդական ռուպի պատրաստութեան աշխատանքներուն

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, խումբ մը միաբաններու հետ միասին, մասնակցեցաւ Դպրեվանքի ուսանողութեան կողմէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կազմակերպուած այգեկութի եւ ռուպի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ ռուպի պատրաստութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Արք. Թռթռեան (քէսապցի)։ Այսօր նոյն աշխատանքը կը շարունակէ Սուրբ Աստուածածին Վանքի վանահայր Գերապատիւ Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան (քէսապցի): Նաեւ յայտնենք, որ պատրաստուած խաղողի ռուպը կը տրամադրուի միայն Դպրեվանքի ուսանողութեան ու Միաբանութեան:

Դպրեվանքի աշակերտութեան անունով վերջին դասարանի սարկաւագներէն մին խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը իրենց հետ մասնակից կը դառնայ այս աւանդական աշխատանքին:

Ապա, Դպրեվանքի սաներուն հետ հայրական զրոյց ունենալով Նորին Սուրբ Օծութիւնը՝ շեշտեց, թէ քրիստոնէութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ բնութեան առողջ պահպանումին: Մեր եկեղեցւոյ ծէսին մէջ կարեւորութեամբ շեշտուած է բնութեան դերը մարդկային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մարդ-բնութիւն յարաբերութեան կարեւորութիւնը: Բնութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է: Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած բնութիւնը պահպանելու պարտաւորութեան նկատմամբ մարդը հաւատարիմ պէտք է մնայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան՝ յիշեցնելով, թէ Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ, այլ մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին անմնացորդ կերպով ծառայելու կոչուած մարդու պատրաստութեան դարբնոց է:

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ. ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌԸ… ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԲԱՐՁԱԴԻՐ ԱՄՐՈՑ՝ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆՆԵՐԸ…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ…Նախ եւ առաջ Ժողովուրդին Վեհափառը…