Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի գրչէն կը կարդանք՝
Բուն Բարեկենդանը դուռն է Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան, եւ այն մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած։ Հոգեւոր այս ճանապարհորդութեան ընթացքին մենք յանձնառու կ’ըլլանք Աստուծոյ Աստուածաշնչական սերտողութիւններով, աղօթքներու եւ սաղմոսներու արտասանութեամբ, որպէսզի սրբութեան խորհուրդով հաղորդուած՝ պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Քրիստոնեայ հաւատացեալը իր հաւատքի կեանքը մշտապէս նորոգելու եւ հարստացնելու բարի ձգտումը պէտք է ունենայ։ Եւ այս հոգեւոր մարզանքին խիստ կարիք ունին ե՛ւ հոգեւորականները, ե՛ւ աշխարհականները, քանզի մեր առօրեայ արագընթաց ու խճողուած կեանքի մէջ կամայ թէ ակամա յաճախ կը նմանինք կորուսեալ ոչխարին, որ պէտք է տուն վերադառնայ։ Եւ տունը քրիստոնեային համար Աստուծոյ ներկայութիւնն է։
Անձնապէս, արդէն իսկ քառասուն եւ աւելի տարիներու հոգեւոր ծառայութեան մէջ գտնուելով՝ մշտպէս ինքզինքիս առիթը կուտամ ներգրաւուած մնալու Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ, այնքանով ինչքանով մարդկային կարողութիւնս կը ներէ, որովհետեւ իմ մէջ զգացած եմ նորոգութեան իւրովի վիճակ մը։
Բաւական է, որ մեր առջեւ բացուած իւրաքանչիւր օրը սկսինք աւետարանական պատգամի մը հաղորդակցութեամբ, աղօթքով ու երկիւղածութեամբ, եւ այն ժամանակ օրը կը դառնայ իրօք լուսաւոր եւ լեցուն Աստուծոյ ներկայութեամբ, իսկ մեր գործերով կատարած կ’ըլլանք Աստուծոյ կամքը։ Եւ Աստուծոյ կամքն այն է, որ մեր կեանքով դառնանք ապրող Աւետարան։ Քրիստոնեայ մարդը բարոյական իրաւունքը չունի իր դիմացինը ցաւեցնելու, վիրաւորելու եւ վարկաբեկելու։ Իսկ քրիստոնեային մեծագոյն առաքելութիւնն այն է, որ իր մէջ մշակէ ներողամիտ ոգի։
Մեծ Պահքի քառասուն օրերու ճանապարհորդութեան ամբողջ շրջանը մեր մէջ կը մշակէ ներողամտութեան ոգին, ներողամիտ անձը։ Աններող մարդը Աստուծոյ հանդէպ կը մեղանչէ, եւ դժուար թէ ըմբռնէ ոգին քրիստոնէութեան եւ իր հոգու աչքերով կարող ըլլայ տեսնելու եւ ըմբռնելու հրաշալի Յարութեան յաղթանակումը։
Այս տարուայ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապահրորդութեան ամբողջ ընթացքին օր առ օր մտածենք ներողամտութեան ոգու մասին։ Արդէն մեր հանապազօրեայ աղօթքով այդ կ’արտասանենք՝ «Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։
Ամէն առաւօտ, երբ մեր հոգու աչքերը կը բանանք, թող աղօթքի տողերը նոր հաւատքով ու համոզումով արտասանենք, ինչպէս եւ Քրիստոս կը պատգամէ մեզ.
«Յամենայն ժամ յաղօթս արարէք եւ մի՛ ձանձրանայցէք»։
Եւ քառասնօրեայ պահեցողութեան աւարտին մեր մէջ պիտի գտնենք վերածնեալ մարդը, վերածնեալ մարդը՝ մեր մէջ խաղաղութեան խորհուրդը ամրագրած եւ պատրաստ մեր կեանքով միայն ու միայն սէր բաշխելու, այն նուէրը, զորս Աստուած է ներդրած մեր հոգիին խորքը։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Փետրուար, 2024