image

Արա Սանճեան- Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի Գերեզմանատան Մասին

Արա Սանճեան- Ժիպէյլի   «Թռչնոց Բոյն»ի  Գերեզմանատան Մասին

 

Շաբաթ երեկոյեան, smoothie-ի գաւաթներու շուրջ վաղեմի ընկերոջ մը հետ խօսակցութեան մը ոգիէն. Արդեօք ինթերնեթային բաւական լայն քննադատութիւններէ ետք, Թռչնոց Բոյնի մօտ գերեզմաններուն մէջ թաղուած աճիւններուն տեղափոխումը գէթ ժամանակաւորապէս առկախելը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ առաջին գործնական ապացո՞յցն է այստեղ եւս սոցիալական ցանցերու աճող դերին։ Այլ նախադէպեր կա՞ն։ (Ի դէպ, զրուցակիցս ու ես համակարծիք չէինք թէ ի՛նչ ճակատագիր պէտք է վերապահուի այդ գերեզմաններուն։ Բայց, միաժամանակ հետաքրքրուած էինք բանավէճի dynamics-ի (դինամիկա) վերլուծութեամբ։)