image
Հրատապ լուրեր:

Անոր անունը ոսկէ տառերով գրուած է բոլորիս սրտերուն մէջ. Արայիկ Յարութիւնեանը Լեւոն Հայրապետեանին մասին

Անոր անունը ոսկէ տառերով գրուած է բոլորիս սրտերուն մէջ. Արայիկ Յարութիւնեանը Լեւոն Հայրապետեանին մասին

Մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի մահը մեծ կորուստ է համայն հայութեան համար: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

 

«Խորին ցաւով տեղեկացայ հայ ազգի մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի մահուան մասին: Անխօս, սա մեծ կորուստ է համայն հայութեան համար: Անգնահատելի է Լեւոն Հայրապետեանի նուիրումն ու աւանդը Արցախի զարգացման եւ պաշտպանութեան ապահովման գործին: Անոր անունը վաղուց ոսկէ տառերով գրուած է հայոց պատմութեան մէջ եւ բոլորիս սրտերուն մէջ: Համոզուած եմ, որ հայ ժողովուրդի մօտ երկար տարիներ վառ կը մնայ անոր պայծառ յիշատակը, որու խօսուն վկաները պիտի ըլլան անոր կողմէ կատարուած բազմաթիւ գործերը հայրենիքի մէջ»,-ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

 

Հոկտեմբեր 18-ին` լուսադէմին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք կեանքէն հեռացած է ռուսաստանաբնակ հայ գործարար, բարերար Լեւոն Հայրապետեան: Ան կը տառապէր ծանր հիւանդութեամբ:

 

Լեւոն Հայրապետեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած Արցախի  Հանրապետութեան ստեղծման գործին եւ կը համարուի անոր գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը: Կը համարուի ամենամեծ ներդրողը Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Անոր ծրագիրները իրագործուած են Ստեփանակերտի, Մարտակերտի շրջանի վանք գիւղին մէջ:

 

Գործարարի միջոցներով 2000-2002 թուականներուն վերակառուցուած է հայկական հռչակաւոր Գանձասարի վանական համալիրը (13-րդ դար ), որ այժմ Ղարաբաղի ամենաբարեկարգուած սրբավայրերէն մէկը կը համարուի: Մեծ միջոցներ ներդրուած է Վանք գիւղի վանական համալիրի շուրջ տեղակայուած ենթակառուցուածքներու զարգացման համար:

 

2008-ի Հոկտեմբեր 16-ին Շուշիի եւ Գանձասարի մէջ բարերարը կազմակերպած է նորապսակներու համատեղ պսակադրութիւն: Այդ արարողութիւնը, 700 երիտասարդներու մասնակցութեամբ, իր տեսակով առաջինն էր ոչ միայն Արցախի, այլեւ ողջ Հայաստանի համար: Մեծ հարսանիքի օրը 200 զոյգ պսակադրուած է Գանձասարի մէջ: Քանի մը ժամ անց եւս 500 զոյգ պսակադրուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ:

 

Ան ձերբակալուած էր Մոսկուայի մէջ` խարդախութեան կասկածանքով, սակայն չէր ընդունած իրեն առաջադրուած մեղադրանքը: