image

Անոնց նպատակը Ռուսիան մասնատելն է. Փութին

Անոնց նպատակը Ռուսիան մասնատելն է. Փութին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուլան-Ուտէ կատարած այցի ժամանակ իր գնահատականը տուած է աշխարհաքաղաքական ներկայիս հակամարտութեան բոլոր կողմերու դրդապատճառներուն, գրած է «Քանսամոլսքայա փրավտա»-ն։

Փութին ըսած է, որ արեւմտեան քաղաքական գործիչները մտահոգուած են միայն իրենց վիճակի բարելաւմամբ եւ քաղաքական օգուտներով։

Ինչպէս նշած է Ռուսիոյ նախագահը, ի տարբերութիւն արեւմտեան պետութիւններու ղեկավարներու, Ռուսիան կը պայքարի սեփական ժողովուրդի համար, որ կ'ապրի տեւական հակամարտութեան մէջ գտնուող տարածքներու մէջ։ Իսկ հաշուի առնելով բոլոր այն հանգամանքները, պատժամիջոցները եւ Ռուսիոյ նկատմամբ այն ընդհանուր վերաբերմունքը, որ կառուցուած է վերջերս Արեւմուտքի մէջ, սա պայքար է ոչ միայն մարդոց, այլ նաեւ Ռուսիոյ համար՝ որպէս պետութիւն անոր գոյութեան համար։

Փութին ըսած է, որ հակառակորդի խնդիրը Ռուսիան մասնատելն է, իսկ կայուն խաղաղութիւնը հաստատելու համար անհրաժեշտ է հակառակորդներուն ցոյց տալ ռուսական հասարակութեան միասնութիւնն ու ուժը։ Միայն այս պարագային, վստահ է Ռուսիոյ նախագահը, հնարաւոր կ'ըլլայ յաղթանակի հասնիլ։