image

Անգարայի Պայթումին Նորապսակ Ամոլ Մը Զոհուած Է

Անգարայի Պայթումին   Նորապսակ  Ամոլ Մը  Զոհուած Է

Թուրքիա-  («Հիւրիյէթ»- Պոլիս)     Նորապսակ ամոլ Եըլմազ Էլմազգան եւ Կուլհան Քարլի Էլմազգան  եղած են Անգարայի մէջ  գրանցուած պայթումին  զոհերուն  մէջ:  Այս մասին կը  փոխանցէ Պոլսոյ «Հիւրիյէթ»ը,որ  կը նշէ, թէ  անոնք միայն տարի մը առաջ ամուսնացած էին:

Շինարարական հաստատութեան աշխատող Եուսուֆ Գան, Կուլհան Էլմազգանի հայրը, կեդրոնական Անատոլիոյ Գոնեայի իր տան մէջ ընդունեց ցաւակցութիւնները, ան դժուարութեամբ արտայայտեց իր զգացումները «Տողան Նիուզ» գործակալութեան, երբ ըսաւ թէ իր դուստրը եւ ամուսինը Անգարա գացին իրենց յաւիտենական հանգիստը գտնելու:

Չորս տարիներ դպրոցին մէջ որպէս խորհրդատու աշխատած իր դուստրին մասին խօսելով Գան ըսաւ «Ան փայլուն անձնաւորութիւն էր, ան օրինակելի անձնաւորութիւն էր աշակերտներուն հանդէպ իր կեցուածքով, իր կեանքի ձեւով, շրջապատի մարդոց հետ իր վերաբերմունքով: Դիւրին չէ իր նման մարդ հասցընել այս տարածաշրջանին մէջ, դժբախտաբար կարգ մը մարդիկ այս պարագան չեն ըմբռներ» ըսաւ Գան:

Իր փեսային մասին, որ փորձառու աշխատող էր Գան աւելցուց. «Տարի մըն է, որ անոնք ամուսնացան,  կեանքը չվայելեցին, ես ալ զաւակներս բաւարար չվայելեցի: Ինչ կրնամ ըսել սիրտս կը բզքտուի» ըսաւ Գան:

Անոնց թաղումը  տեղի ունեցաւ տարբեր տեղեր, Գոնիայի մէջ եւ Տիարպէքիրի հարաւ-արեւելեան շրջանը:

Կուլհան Էլմազգանի թաղումը տեղի ունեցաւ Գոնիայի Էլէղլի գերեզմանոցին մէջ, մինչ թրքական երկաթուղիի հաստատութեան աշխատող Եըլմազ Էլմազգանինը`Տիարպէքիրի մէջ: Էլմազգան ամոլը Անգարայի մէջ 10 հոկտեմբերին սպանուած 97 զոհերուն մէջ էին, Թուրքիոյ մեծագոյն ահաբեկչական պայթումին, որ   ցնցեց    եւ  խորապէս սուգի մատնեց  երկիրը: