image

Անգարայի Ցուցարաները Միապետ Էրտողանը Վար Առնելու Կոչեր Ըրին

Անգարայի    Ցուցարաները  Միապետ  Էրտողանը  Վար Առնելու Կոչեր Ըրին

Թուրքիա-(New T.V.Պէյրութ)Երէկ Անգարայի մէջ հազարներ ցոյցի ելան նախագահ Էրտողանի  դէմ, որպէս արդիւնք շաբաթ օր տեղի ունեցած յարձակումին, զորս խլից 95 զոհեր, միջադէպը տեղի ունեցաւ ժամանակէն առաջ նշանակուած պաշտօնական ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաուութօղլու երեք օր սուգ յայտարարած էր տեղի ունեցած յարձակումէն ետք, որու պատասխանատուութիւնը մինչ թուականս ոչ մէկ կողմ որդեգրեց եւ այս մէկը շատ մը հարցադրումներու տեղի տուաւ երկրին մէջ:

Մինչ լրատուական կեդրոնները սաստիկ հսկողութեան տակ գտնուող հազարաւոր ցուցարարներուն Անգարայի մէջ զոհերու յիշատակը յարգող հաւաքի մասին տեղեկացուցին, պատկան մարմիններուն վրայ բեռցնելով յարձակումի պատասխանատուութիւնը, ցուցարարները Անգարայի կեդրոնը, պայթումի մօտ գտնուող Սէհիէ հրապարակը լեցուեցան, կառավարութեան եւ Էրտուղանի դէմ արտայայտութիւններ պոռալով:

Նաեւ ցուցարարները, որոնք տէմոքրաթիք ժողովրդավարական քիւրտերու համակիր կուսակցութեան հրաւէրով քաղաքի փողոցները շրջեցան, կը գոչէին «Ոճրագործ Էրտուղան» «Թող հրաժարի կառավարութիւնը» եւ «Իշխանութիւնը պարտասխանատուութիւնը թող կրէ»:

  Տէմոքրաթիք ժողովրդավարական կուսակցութեան  (HDP) գլխաւորը Սալահ էլ Տին Տէմիրթաշ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող ցոյցի ընթացքին, իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ պէտք է Էրտողանի իշխանութեան վերջ տալ, փոխանակ անոր վրէժխնդիր ըլլալու, սկսեալ ընտրութիւններէն, որոնք տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր ամսուան սկիզբը:

Ան աւելցուց «Վրիժառութենէ կամ ատելութենէ ելլելով չենք գործեր, սակայն հաշուետուութիւն պիտի պահանջենք» մատնանշելով որ ընտրութիւնները պիտի ըլլան բաժին մը «միապետի (տիքթաթորի) պաշտօնանկութեան» գործողութենէն: Տէմոքրաթիք ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ շաբաթ օր ցոյցի հրաւէր տուաւ, թուիթըրի վրայ գրած էր թէ զոհերուն թիւը հասած է  128-ի: