Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարը յայտարարած է, որ Քապուլի միջազգային օդակայանը պէտք է բաց մնայ, որպէսզի օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները չլքեն Աֆղանիստանը, հաղորդած է Reuters-ը:
Թուրքիան առաջարկած է իր զինուորականները պահել Քապուլի Համիտ Քարզայի միջազգային օդակայանին մէջ մինչեւ 31 Օգոստոս, Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու ելլելէն ետք:
«Այդ պատճառով մենք կը շարունակենք պնդել, որ օդակայանը պէտք է բաց մնայ»,- ըսած է Աքարը Փաքիստանի մայրաքաղաք՝ Իսլամապատ կատարած այցի ժամանակ:- «Մօտ օրերս այս հարցը յստակ կը ձեւակերպուի»:
Թուրքիոյ մօտ Աֆղանիստանի նոր դեսպան՝ Ամիր Մոհամմէտ Ռամին Թուրքիոյ ներկայութիւնը Քապուլի օդակայան «խաղաղապահ առաքելութիւն» անուանած է:
«Աֆղանիստանի մէջ Թուրքիոյ առաքելութեան ամբողջ գաղափարը այս երկրին խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումն ու ամրապնդումն է»,- ըսած է Ռամինը, հաղորդած է Anadolu պետական գործակալութիւնը: