image

Անձագրային բաժնէն ներս արդիական մեթոտներ պիտի գործեն

Անձագրային բաժնէն ներս  արդիական մեթոտներ պիտի գործեն

Նոյեմբեր 14-էն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու եւ դադրեցնելու դիմումներու ներկայացումը, ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած անձի առաջին անգամ անձնագրաւորումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիութիւն ստանալու համար փաստաթուղթերու նախնական ուսումնասիրութիւնն ու խորհրդատւութեան տրամադրումը պիտի իրականացուի ելեկտրոնային հերթագրման եղանակով։

Նոյեմբեր 14-էն 18-ը ելեկտրոնային հերթագրման զուգահեռ պիտի գործէ նաեւ հերթագրման սարքաւորումներու միջոցով հերթագրման կտրոններով սպասարկելու ընթացակարգը (50 տոկոս յարաբերակցութեամբ), իսկ նոյեմբեր 21-էն սպասարկումը պիտի իրականացուի բացառապէս ելեկտրոնային հերթագրման եղանակով։

Հերթագրուիլ կարելի է առցանց՝ e-request.am հարթակով անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն այց ամրագրելու եղանակով, որու համար անհրաժեշտ է գրանցուիլ հարթակին մէջ՝ լրացնելով համապատասխան դաշտերը՝ մուտք գործել համակարգ, սեղմել «Ամրագրել այց» կոճակը, «Հերթագրում» դաշտին մէջ ընտրել «Անձնագրային եւ վիզաների վարչութիւն» պատուհանը, նշել գործողութեան տեսակը՝ «Քաղաքացիութիւն ստանալու կամ քաղաքացիութիւնը  դադարեցնելու դիմումի ներկայացում» կամ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած անձի առաջին անգամ անձնագրաւորում» եւ ամրագրել նախընտրելի օր ու ժամ՝ համապատասխան գործողութիւնը կատարելու նպատակով անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան քաղաքացիութեան բաժին ներկայանալու համար։

Իւրաքանչիւր դիմումատու հերթագրման համար պէտք է լրացնէ բացառապէս իր անհատական տուեալները. այլ անձանց տուեալներով հերթագրուած դիմումատուները պիտի չսպասարկուին։