14 Յուլիսին Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած երկու հայ զինծառայողի որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին, նոր տեղեկատուութիւն առկայ չէ: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
«Նոր տեղեկատուութիւն դեռեւս չկայ, համապատասխան աշխատանքները շարունակուում են»,- յայտնած են պաշտպանական գերատեսչութենէն:
Յիշեցնենք, որ 14 Յուլիսի լուսադէմին մառախուղի պայմաններուն մէջ ամրակցուած զինուորական մեքենայով ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին կորած էր կապը Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի զինծառայող Արթուր Նալպանտեանի եւ վարորդ Արամայիս Տոռոզեանի հետ։
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ այդ օրերուն տարածած հաղորդագրութիւններու՝ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈՒ ներկայացուցիչներու հետ կը քննարկուի Ա. Նալպանտեանի եւ Ա. Տոռոզեանի՝ ատրպեճանական տարածքին մէջ յայտնուելու հաւանականութիւնը:
Զինծառայողները, ինչպէս յայտնած էին ՀՀ ՊՆ-էն, եղած էին առանց զէնքի:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել