image

Անապայի մէջ լիճի մէջ երեք հայ խեղդուած է

Անապայի մէջ լիճի մէջ երեք հայ խեղդուած է

Ռուսիոյ Անապա քաղաքին մէջ հայերու մասնակցութեամբ ողբերգական միջադէպ տեղի ունեցած է։ Անապայի գինեգործարաններէն մէկու տարածքին մէջ գտնուող լիճին մէջ երեք տղամարդ խեղդուած է։

Ինչպէս հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»ը, կ՚ենթադրուի, որ տղամարդիկ ինկած են ջրային շարժակաւոր հեծելանիւէն եւ խեղդուած։ Տուեալ տարածքն ապահով չէ լողալու համար։

Ըստ «The Voice Mag» պարբերականի՝ զոհերէն երկուքը՝ 36-ամեայ Կարէնը եւ 31-ամեայ Վիգէնը, եղբայրներ են, իսկ 20-ամեայ Կարէնը՝ անոնց եղբորորդին։ Նշուած է, որ ողբերգական դէպքը տեղի ունեցած է անոնց հարազատներու եւ ընտանիքի անդամներու աչքի առաջ։

Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ ջրային շարժակաւոր հեծելանիւը կտրուկ կը պտըտի, որու հետեւանքով ատոր վրայ գտնուող տղամարդիկ կը յայտնուին ջուրին մէջ։ Պարզուած է, որ 20-ամեայ երիտասարդը, որ Վրաստանի քաղաքացի էր, լողալ չիմանալու պատճառով սկսած է խեղդուիլ, իսկ հօրեղբայրները փորձած են փրկել անոր, սակայն երեքն ալ մահացած են։

Զոհերու դիերը յայտնաբերած են լոյս երկուշաբթի գիշերը։