image

«Խեղդուած» ձայնով հեռացում...

«Խեղդուած»   ձայնով  հեռացում...

Այդ առումով ալ Վահան Թէքէեան կը գրէ՝«Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն...» 

 Հիմա հարց, Գրիգորը, որ ապրեցաւ գեղեցիկ օրեր, վայելեց Պէյրութի գեղեցիկ օրերը, եւ սնուեցաւ անոր արեւով ու լոյսով, պահ մը մխիթարութիւն դրաւ իր հոգիիին մէջ, որ տեղ մը անհունին եւ յաւիտենութեան մէջտեղը պիտի կարողանա՞յ դարձեալ արձակել բոլոր լուսաւոր բառերը, բոլոր սէրերը եւ մեր ապերախտ աշխարհին վրայ բոլոր չեղած առիթներն ու սպառած յոյսերը։

 Բարի ճամբորդութիւն իրեն, մաղթելով, որ անոր հոգին լոյսերու բնակարանին մէջ կ՚ըլլայ։

 Բարի ճամբայ... սիրելի քեռիս։

 

Մօրեղբօրս՝ Գրիգոր Ապուտուրեանի յիշատակին 

   Կարծես ըլլար Զաւէն Պիպէռեանի հերոսներէն մին։ Թեւաթափումներու մեծ տոպրակ մը, որ հիմա պիտի վերադառնայ հին հողին։ Տեսնես քանի մարդ իր սնտուկին ետեւէն պիտի քալէ, մինչեւ որ համբուրէ հողին ճակատը։

Պէյրութի անապական օրերը տեսած այս մարդը  իր շրջապատով, ընկերներով մեծ բարեկամութեամբ տեսնես ինչու այս օրին հասաւ եւ հիմա, երբ խունկ ու աղօթքի արժանին պիտի դառնայ, ինչու այդքան մինակ եւ ինչու այդքան թափուր պատկերով մը պիտի ջնջուի շատերու յիշողութիւնէն։

Թերեւս այս պատկերին մէջ էր, որ շատեր պիտի խօսէին իր մասին, բայց այսօրուայ իր պատկերը իրականն ու վերջնականը չէր։

Թերեւս անոր համար էր, որ այս խաբուսիկութիւնը, այս ցաւը այս տառապանքները, որոնք օրէ-օր կ՚աճին Պէյրութիս մէջ, կը դառնան ու դարձան ճակատագրի ընկերներ։

  «Ապրոյեանի Գոգո»-ն շատեր բնութագրած էին զինք՝   յանկարծ մէկդի դնելով իր ախորժալուր ձայնին հմայքով «Երգիչ Գօգօ» կոչումը, որ վերջին ամեակներուն ապրեցաւ ամենադառն պահերը իր ամբողջ կեանքին։

  Տեսաժապաւէն մըն է կեանքը, որուն ամէն մէկ փուլը նախ կը նկարէ տուեալ անձը եւ այդ ճամբորդութիւնէն «սեւ ու սպիտակ» քատրեր վերցնելով կը տեղադրէ մտքի ու հոգիի դարակներուն մէջ։

Ու կը բացուի դարակը մեծ պահուն, որուն խոնաւ հողին մէջ կը պառկին ՝ մեծ մայրիկս՝ Էօժէնին, աւագ քեռիս՝ Յակոբը, եւ  Գրիգորի կինը՝ Սիլվան։

Պատկերները, որոնց մասին ակնարկեցի կամացուկ մը միս ու արիւն կը զգենան   ու մեծ հրաժեշտի պահուն մէկիկ-մէկիկ կը շրջանառուին, նախ իր կողմէ, յետոյ բոլոր անոնց, որոնք սիրեցին ու կեանքի պահ մը կիսեցին իր հետ։

Քեռիս՝Գրիգոր Ապուտուրեանը, ծնած էր Ատանայէն բռնագաղթած Արթին եւ Էօժէն Ապուտուրեաններու յարկին տակ։ 

Ան հինգերորդ զաւակն էր ընտանիքին՝ Յակոբի, Սրբուհիի, Յովհաննէսի եւ Անայիսի կողքին։ 

  Գոգոն իր աչքերը բացած էր «Քարանթինա»-ի իրենց տուն-խրճիթին մէջ, որ յար եւ նման շատ-շատերու դարձաւ կեդրոնը Լիբանանեան ափեր հասած մեր եղբայրներուն։

Կը պատմուի, որ այդ վրանաքաղաք-թիթեղեայ համալիրը կը համարուի յետ-եղեռնեան լիբանանահայութեան արմատներու սկիզբը, օրրաններու օրրանը։ 

Ու այստեղ չկայ առիթ շփոթ մը ապրելու, այո նախքան Եղեռնի փուլը քիչ չեն եղած լիբանանահայերը, որոնք տարբեր պայմաններու տակ եկած ու հաստատուած էին մասնաւորապէս հայ Կաթողիկէներու հիմնած վանքերու մերձ կամ շուրջ։

 Իսկ աւելի ուշ, երբ բռնագաղթ ու աքսոր եղաւ, հայութեան թիւը արագօրէն աճեցաւ ու այդ հատուածն էր, որ ինչպէս վերը նշեցի, որ կը համարուի լիբանանահայութեան նոր գաղութի կազմութեան իսկական հունտերը։ 

Այդ օրերու Գրիգորին մասին շատ յստակ տուեալներ չունիմ, սակայն ինչ որ լսած եմ մօրմէս, որ ան ընդունուած էր Տանն Կիլիկիոյ կաթ թողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր եղած էր ներկայ գահակալ հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին դասընկերը։ 

Թէ քանի տարի Գրիգոր մնացած էր աշակերտը կամ սանը դպրեվանքին,− պարզ չէ, սակայն կիսատ թողած ու փախուստ տուած էր դպրեվանքէն։

Վանքէն դուրս գալէն մինչեւ 70-ականներու   Պէյրութի օրերը Գրիգորի ապրած օրերուն, կամ ասպարէզին մասին շատ  չնչին տուեալներ կան մտքիս մէջ, որոնք հաւանաբար փորագրուած են իր սիրելի քոյրերուն կամ շրջապատի մարդոց մտքերուն մէջ։ 

Ու հիմա պահ մը այդ բոլորը մէկիկ-մէկիկ կը տողանցեն, տեղեկութիւններ, պահեր, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ աշխատանք, ճամբորդութիւն դէպի Ամերիկա, անհասկնալի վերադարձ, ու այս բոլորի կողքին ու բոլորի մէջ՝ երգի հանդէպ անոր մեծ սէրը, որ զինք կը դարձնէր որոշակի շրջանակներու սիրելի «Ուան մէն շո ՝ Գոգո»-ն։

Ու կ՚երգէր Գրիգոր Ապուտուրեանը քաղցր ձայնով մը՝ առանց հասնելու երգիչ բառի լիակատար մեծ կերպարին։  Հիմա պիտի ակնարկէք ու հարց տաք՝ Պէյրութի մէջ ի՛նչ երգիչ եւ ի՛նչ երգասացութիւն, երբ ամէն պահ մէկ ռումբ  կը պայթէր, մէկ հրթիռ  կ՚իյնար՝ կէս թողելով մանկահասակ  մարդոց կեանքն ու խառնելով բոլորին ծրագիրները։ 

Այս բոլորին մէջ միջանկեալ կար նաեւ «Ակումբի Գոգո»-ն որ թաղային պայմաններու տակ ստեղծուած «Ապրոյեանի կեդրոն»-ի պատասխանատուներէն էր։ Շրջանի բնակիչներու ապահովութեան ու հացին մասին մտածողը, վիրաւորներու ու վնաս կրողներուն հասնողը եւ վերջապէս շրջանի հայութեան պատիւն ու անունը բարձր պահողը։ 

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ «Սին Իլ Ֆիլ»-ի ծայրամասային հատուածի «Ապրոյեան գործարան»-ի կողքին ստուար դարձած էր թիւը Տամուրէն (քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Տամուրը կը դատարկուէր իր Քրիստոնեայ տարրէն ու անոր բնակիչները ստիպուած կ՚ըլլային լքել ամէն ինչ, հեռանալ ու ապա կայք հաստատել՝ Արեւելեան Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, որոնց շարքին հայերով բնակեցուած Պուրճ Համուտի ծայրամասային հատուածները) դէպի Պուրճ Համուտի կողմերը բնակութիւն հաստատած բնակիչներուն, որոնք տարբեր փուլերու զինեալ բախումներ կ՚ունենային տեղի հայերուն հետ։

Յաճախ կը լսէինք, որ «Տամուրցիները նորէն մերիններուն հետ կախուած են...» կամ «Ունինք մէկ վիրաւոր եւ իրենք ալ ունին երկու զոհ»։ Այս խօսքերն անշուշտ աննկատ չէին  անցներ մօրս մտքէն, որ արագօրէն թողելով ամէն ինչ կը փութար դէպի «Սին Էլ Ֆիլ»-ի շրջան իր եղբօր մասին լաւ մը լուր մը առնելու ակնկալիքով....

Պատերազմը իրօք ծանր կը նստէր Լիբանանի քաղաքացիներուն վրայ, որոնք կ՚ապրէին ու «կը ճաշակէին» այդ աւերիչ պատերազմի ամբողջ  դառնութիւնն  ու ծանրութիւնը ու թերեւս այդ օրերուն ալ ընթացք կ՚առնէր լիբանանահայութեան մեծ անկումը, որ կը շարունակուի ցայսօր.... 

Մարդկային մեծ արտահոսք կը նկատուէր, ու Պէյրութին «Հայկական Պէյրութ» բնորոշումը տուողներէն շատ-շատեր կը լքէին ամէն ինչ ու կը  հեռանային դէպի արեւմտեան ափեր։

Ճիշդ է, որ այսօր ալ հայագաղութի կառոյցները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, բայց եւ այնպէս մեծ հաշուով առաջուայ «Հայկական Պէյրութ»-ը ա՛լ չկար։ 

Ի հարկէ երկար թեմա է այս մէկը, եւ այսօրուայ մահագրութիւնը իսկական տեղը չէ պէյրութահայութեան «Ոսկեայ անցեալ»-ին կամ անորոշ ապագային մասին մտորումներ ընելու։

Փոխկապակցելով «Տամուրեան օրեր»-ու ընդհանրական պատկերը այդ էջը պիտի բերեմ ու կապեմ թուականին տեղի ունեցած կարեւոր դիպահարով մը, որ ինչ-որ չափով զիս կը փոխառնչէ Գրիգոր Ապուտուրեանին։

Կ՚ենթադրեմ 1990 թուականն էր, եւ որպէս անդամը Լիբանանի երիտասարդական միութեան հրաւիրուած էի շրջանի հայկական կեդրոններէն մին պահակութիւն ընելու։

 Կուրծքիս ամրացուցած եմ «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրի փամփշտակալները, որուն մենք «սանտր» անունը կու տայիք ու ձեռքերուս ալ նոյն գնդացիրը, որուն ծայրը պատկերներ դրած կ՚ըլլայինք հայ ազատագրութեան շարժումին  ամենատարբեր նուիրեալններուն։ 

Դուրս կուգամ կեդրոնէն ու անասելի հպարտութեամբ կը քալեմ դէպի դիրքս, ու ինչ մեծ զգացում էր, երբ այդ քայլերու կողքին կը լսեմ ութսուն եւ աւելի տարիքը բոլորած մայրիկներու եւ հայրիկներու աղօթքները, որոնք կը լեցնեն մեծ անորոշութեան ամբողջ եթերային օղակները։

-Աստուած ձեռքէդ բռնէ, տղաս կ՚աղօթեմ քեզի համար ...

Ու այդպէս պարտականութիւնս առնուազն հինգ ժամ կեդրոնին առջեւ մնալն է, երթ ու դարձ, քայլերը փոխելով աջ ու ձախ ու նայելով հեռուն, որ յանկարծ սխալ բան մը կամ անհասկնալի շարժում մը նկատելու պարագային արագօրէն շարժիմ ու լուր տամ  իմ վերադասին...

Ու յանկարծ կը նկատեմ, որ հեռուէն քեռիս՝ Գրիգոր Ապուտուրեանը, կը մօտենայ, կը բարեւեմ իրեն շատ լուրջ ու կոկիկ շարժումներով ու մէկ քայլ ետեւ կ՚երթամ՝ աւելի   ապահովելով կեցած դիրքս ու այսպէս նշան ընելով, որ «Տես, ես երէկուան չոճուխը չեմ, ձեռքիս ալ գնդացիր կայ ... ուշադիր եղիր...». ի դէպ այդ գնդացիր ունենալ-չունենալու հարցը միշտ ալ տիրական եղած է։ 

Հայրս ատրճանակս տեսնելուն պէս կ՚ըսէր. «Գիտեմ, որ շատ ուրախ ես այդ երկաթէ կտորով, բայց վստահ եղիր, որ անոր մէջ սատանայ մը կայ...»։ Եւ իրօք ատրճանակը եւ գնդացիրը իրական թշնամին են մարդուս, որոնց մէջ բնակող «ճին»-ը որեւէ պահու դուրս պիտի գայ եւ վնաս տայ այն ձեռքերուն, որ գրկած են զինք ...։

Վերադառնալով քեռիիս թեմային, ուրեմն պահիկ մը լռութենէ ետք ան արագ հարց կու տայ, թէ ինչ եկած եմ ընելու այստեղ ու առանց սպասելու ... շառաչուն ապտակ մը կ՚իջեցնէ երեսիս։

Ես ցնցուած եմ, լարուած, շուարած։

  Կեդրոնէն արագօրէն վերադասի անդամները կը մօտենան եւ իսկոյն կը լուծեն հարցը. քեռիս ներս կը հրաւիրուի ու զիս ալ որոշուած ժամանակէս կանուխ ազատ կ՚արձակեն...։ 

Այդ կ՚ըլլայ հայկական ակումբին առջեւ մեր միակ պատմութիւնը, որմէ ետք ոչ ես, ոչ ալ ինք ակնարկութիւն կ՚ընենք եղածին...։

Թէ ինչ էր այդ ապտակին նպատակը, կամ ինչո՞ւ յատկապէս այդ օրուան «վերապահուած» էր այդ ապտակը,− ինծի համար մինչեւ հիմա պարզ չէր։ Պարզ էր, սակայն, որ այդ ապտակին մէջ գորով մը կար, սէր մը կար, անասելի բան մը կար, որ դեռ այսօր, տարիներ անց, կը պտտի իմ մէջս։ 

Անկէ ետք ապրեցանք Պէյրութի վերականգման փուլը։ 

Գրիգորը, որ մեծ սիրահարն էր Լիբանանին ու այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ, մեծ յոյսեր ունէր, որ երկիրը շուտով պիտի վերականգնի ու 70-ականներուն փայլուն դիրք ու դեր ունեցող իր Պէյրութը՝    իր ու մեր սիրելի Պէյրութը դարձեալ վերադառնայ անցեալի ոսկեայ ժամանակներուն։

Մէկ կողմէ նպարեղէնի փոքր խանութ մը հիմնելով եւ միւս կողմէ ալ գիշերային խնճոյքներու ընթացքին երգեր կատարելով կ՚անցնէին իր օրերը։ 

Խորքային դժգոհութիւն մը չունէր, բացի անկէ, որ իրենք որպէս ընտանիք պտղատու ծառ մը չդարձան ու համով միրգեր չտուին...։ 

Այդ մէկը մնաց տանջող գործօն  մը, որ վստահ եմ մինչեւ իր կեանքը արեւմարը Գրիգոր պահեց իր կուրծքին  տակ։

Այնուհետեւ մտանք գահավիժումներու մեծ շրջան, որ լրումին կը հասնէր 30 նոյեմբեր 2023-ին, երբ մեծ ցաւերէն «ազատուելով» Գրիգորի սիրտը կը լռէր։ Կը փակուէին անոր աչքերը, որոնք  տարիներ առաջ, պայծառ առաւօտ մը, յոյսի եւ ապրումի համար բացուած էին «Քարանթինա»-ի քեմբին մէջ։

Շատ ծանր օրեր անցուց Գրիգոր, մինչեւ որ հոգին ազատագրուի մեր աշխարհի ցաւերէն ու ճամբորդէ դէպի հեռու-հեռուներ, ուր կայ խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ յաւիտենական լռութիւն։ 

  Հոս է նաեւ, որ կը բացուի մեծ տուփը հարցումներու, թէ ինչո՞ւ այս աշխարհին մէջ չլուծուած խնդիրները, առկախեալ մնացած հարցերը ու օդին մէջ կախուած թելերը մէկդի կը թողենք ու մարդուս աւարտին հետ զանոնք բոլորը կը շալկենք ու կը քշենք դէպի անդի աշխարհ...։

Վա՞յրն էր, երկի՞րն էր, թէ՞ այդ երկիրը հարուածած պատերազմնե՞րն ու պայմաննե՞րն էին, որ Գրիգորին այսքան տխուր աւարտ մը «պատրաստեցին»։

  Ի վերջոյ բոլորս կը սարսափինք վաղուան մեղ հարցումներէն՝ մտածելով, ու սոսկալով, որ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ մեր վախճանը, սակայն մեզմէ քիչերը միայն բարձրաձայն կը խօսին այդ բոլորի մասին։

Վախճանաբանութեան ամէն մակարդակի հարցումներէն անդին բանաստեղծ-ները գեղեցիկ կերպով նկարագրած են մեր անցողիկ կեանքէն լիառատ պահ մը ապրելու եւ ստանալու վայելքը։

Այդ առումով ալ Վահան Թէքէեան կը գրէ՝«Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն...»: 

Հիմա հարց. Գրիգորը, որ ապրեցաւ գեղեցիկ օրեր, վայելեց Պէյրութի գեղեցիկ օրերը եւ սնուեցաւ անոր արեւով ու լոյսով, պահ մը մխիթարութիւն դրա՞ւ իր հոգիին մէջ, որ տեղ մը անհունին եւ յաւիտենութեան մէջտեղը պիտի կարողանա՞յ դարձեալ արձակել բոլոր լուսաւոր բառերը, բոլոր սէրերրը եւ մեր ապերախտ աշխարհին վրայ բոլոր չեղած առիթներն ու սպառած յոյսերը։

Բարի ճամբորդութիւն իրեն, մաղթելով, որ անոր հոգին լոյսերու բնակարանին մէջ կ՚ըլլայ։

Բարի ճամբայ,  սիրելի՛ քեռիս։

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...