ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն կարգադրած է Թայուանին 571 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն տրամադրել։ Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ օգնութիւն ցուցաբերելու լիազօրութիւնը փոխանցուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին։
Աջակցութեան շրջածիրէն ներս Թայուանին պիտի տրամադրուին ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան ծառայութիւններ, ներառեալ «ռազմական վերապատրաստում եւ կրթութիւն»: