image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Ռուսիան հարուածելու համար զէնք չունի

ԱՄՆ  Ռուսիան  հարուածելու համար զէնք չունի

ԱՄՆ-ն Ուքրանիոյ զէնք պիտի մատակարարէ իր տարածքին մէջ պաշտպանուելու, բայց ոչ Ռուսիան հարուածելու համար, ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս Կրինֆիլտը:

«Առաջին օրուընէ մենք յստակ յայտարարած ենք, որ Ուքրանիոյ զէնք պիտի տրամադրենք` պաշտպանելու ռուսական յարձակումէն, պաշտպանելու իրենց սահմանները: Մեյք չենք տրամադրեր զէնք, որ թոյլ կու տայ ուքրանացիներուն յարձակիլ Ռուսիոյ վրայ իրենց տարածքէն: Նախագահ Պայտըն հասկցուցած է, որ մենք չենք պատրաստուիր պատերազմի կողմ ըլլալու, բայց մենք կ'աջակցինք Ուքրանիոյ ջանքերուն` պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է ան: