image

ԱՄՆ-ն պէտք է պաշտպանէ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը. Քենետի կրտսերի ուղերձը

ԱՄՆ-ն պէտք է պաշտպանէ Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը. Քենետի կրտսերի ուղերձը

ԱՄՆ կառավարութիւնը պէտք է զօրաշարժէ միջազգային հանրութիւնը, որ քայլեր ձեռնարկէ եւ ապահովէ Արցախի հայերու անվտանգ վերադարձը հայրենիք, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ անոնց ինքնորոշման իրաւունքը: Այդ մասին X-ի էջին հրապարակուած իր տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութիւնն առաջադրած Ռոպերթ Քենետի կրտսերը։

Ան փաստած է, որ Ատրպէյճանը, սկսած 2020 թուականէն, անխնայ էթնիք զտումներ իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ։ Քաղաքական գործիչը նշած է, որ այս տարուան սեպտեմբերին Ատրպէյճանը յարձակողական գործողութիւն ձեռնարկեց եւ 120 հազար հայ՝ ամբողջ բնակչութիւնը, տեղահանվեց:

Քենետի կրտսերը դժգոհած է, որ մինչ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Կազայի եւ Իսրայէլի վրայ, ոչ ոք կը լսէ «հայկական հնագոյն տարածքներէն մէկու ամբողջ բնակչութեան զանգուածային արտաքսման» մասին: Ան վստահ է, որ այդ էթնիք զտման դատարկ պարսաւանքը բաւարար չէ։ Անոր կարծիքով՝ ներկայիս իրավիճակը կարելի է փոխել։ ԱՄՆ նախագահի թեկնածուի համոզմամբ՝ ԱՄՆ-ը դեռ լծակներ ունի այս տարածաշրջանին մէջ եւ կրնայ այդ ուժն օգտագործել այնտեղ բոլոր ժողովուրդները զօրակոչելու համար՝ այս մարդասիրական ողբերգութիւնը յաղթահարելու նպատակով:

«Մենք նաեւ պէտք է ուղիներ փնտռենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար։ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է եւ պէտք է մուտք ունենայ հարեւան երկիրներու նաւահանգիստներ»,- շեշտած է Ռոպերթ Քենետի կրտսերը։ Ան վստահեցուցած է, որ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու պարագային պիտի աջակցի Արցախի վերականգնման: