Հիմք ընդունելով 2025 թ․ յունիս 9-էն (արեւելեան ժամանակով ժամը 00:01-էն) գործող Նախագահական հրամանագիրը, ըստ որու՝ կը սահմանափակուի օտարերկրեայ քաղաքացիներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ՝ երկիրը օտարերկրեայ ահաբեկիչներէն, ինչպէս նաեւ ազգային եւ հասարակական անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէն պաշտպանելու համար, ԱՄՆ-ն լիովին կամ մասնակիօրէն պիտի դադարեցնէ որոշ երկիրներու քաղաքացիներուն վիզաներու տրամադրման գործընթացը եւ պիտի արգիլէ անոնց մուտքը երկիր՝ առաջնորդուելով ԱՄՆ ազգային եւ հասարակական անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութեամբ:
Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք ստորեւ: