image

ԱՄՆ-ի մէջ Հայկուհի Փաթափութեանի կորուստը. Հանգուցեալը մայրն էր «Նոպէլեան»-ի մրցանակակիր՝ Արտեմ Փաթափութեանին

ԱՄՆ-ի մէջ Հայկուհի Փաթափութեանի կորուստը. Հանգուցեալը մայրն էր «Նոպէլեան»-ի մրցանակակիր՝  Արտեմ Փաթափութեանին

Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլըս հայաշատ նահանգին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայկուհի Փաթափութեանը (Ծնեալ՝ Աճէմեան)։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի իր աղբիւրէն։

 

Կը նշուի,որ նախքան ԱՄՆ հաստատուիլ  շրջապատին կողմէ յարգուած եւ սիրուած Տիկին Հայկուհին երկար գործունէութիւն ծաւալած է Պէյրութի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատկանող Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, ուր լծուած էր սերունդ դաստիարակելու նուիրական ասպարէզին։

 Իր ամուսնոյն գրող՝ Սարգիս Վահագնին հետ միասնաբար անոնք կերտած է հայութեամբ զեղուն ընտանեկան օճախ մը ու իրենց լաւագոյնը տուած հասցնելով տաղանդաւոր զաւակներ։

 

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը մայրն էր  վերջերս Նոպէլեան մրցանակի տիրացած եւ հայութեան մեծ  պատիւ ընծայած՝ գիտնական Արտեմ Փաթափութեանին։