image

ԱՄՆ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ աշխուժացնելու դիւանագիտական փոխգործակցութիւնը

ԱՄՆ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ  կ'ընէ աշխուժացնելու դիւանագիտական փոխգործակցութիւնը

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի։ Այս մասին  ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Ուետանթ Փաթըլը։

Լրագրողը Փաթըլին յիշեցուցած է 31 օգոստոսին  Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ կայանալիք հանդիպման մասին՝ հետաքրքրուելով՝ ինչ են Պետական քարտուղարութեան ակնկալիքները այդ հանդիպումէն:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերաբերեալ ձեր հարցի առնչութեամբ որեւէ թարմացում չուիեմ: Կրնամ միայն կրկնել այն, ինչ նախապէս ըսած ենք՝ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ կը մնայ ապահով, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, եւ մենք կոչ կ'ընենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժացնելու իրենց դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը եւ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի»,- ըսած Փաթըլ։