image

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քննադատած է Պէն Աֆլեքի Turkish Airlines-ի Ծանուցման Մասնակցութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քննադատած է Պէն Աֆլեքի Turkish Airlines-ի Ծանուցման Մասնակցութիւնը

Ամերիկեան ֆութպոլի տարեշրջանի աւարտական մրցումի՝ «Սուփըր Պոլ»ի սփռման հովանաւորողներէն մէկը հանդիսացած էր Թրքական Turkish Airlines օդանաւային ընկերութիւը, որուն քանի մը ծանուցումները ցուցադրուած են մրցումի ընթացքին։

Թրքական ընկերութեան ծանուցումներուն Պէն Աֆլեքի նման դերասանի մը մասնակցութիւնը քննադատուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, նկատել տալով, թէ Turkish Airlines-ի բաժնետոմսերուն 49.12 տոկոսը Թուրքիոյ կառավարութեան կը պատկանի ու յատկանշական եկամուտ կ'ապահովէ Տաւութօղլուի կառավարութեան։

Իր յայտարարութեան մէջ Հայ Դատը նաեւ շեշտած է, թէ Անգարա կը շարունակէ մնալ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գլխաւոր մեղսակիցներէն մէկը, միաժամանակ կ'ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապօրինի կերպով շրջափակուած կը պահէ Հայաստանը, բռնագրաւուած կը պահէ Կիպրոսը, վայրագօրէն կը ճնշէ քիւրտերն ու լրագրողները եւ կ'ոտնակոխէ իր իսկ քաղաքացիներուն իրաւունքները։

Turkish Airlines-ով ճամբորդելը կը նշանակէ նիւթապէս օժանդակել այն կառավարութեան, որ «Իսլամական պետութեան» մեղսակից մը ըլլալով՝ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի ապակայունացման եւ վտանգ մըն է համաշխարհային խաղաղութեան», եզրակացուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, մատնանշելով, որ Աֆլեք, իբրեւ Քոնկոյի ժողովուրդին իրաւանց ջատագով կազմակերպութեան մը հիմնադիրը՝ պէտք էր աւելի նրբանկատ ըլլար ուրիշներու մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն նկատմամբ, եւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիա շարունակաբար դասուած է մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող երկիրներու շարքին, որուն պատճառով ալ ան կը դիմէ նման սուղ ծանուցումներու, իր միջազգային վարկը բարելաւելու յոյսով։

Նշենք, որ «Սուփըր Պոլ»ի ընթացքին, «Սի.Պի.Էս.»էն կէս վայրկեաննոց ծանուցումներուն գինը կրնայ 5 միլիոն տոլար կազմել։

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ