image

Ամերիկան մեր թշնամին է. Մետվետեւ

Ամերիկան մեր թշնամին է. Մետվետեւ

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այժմ մեզի համար թշնամական պետութիւն է, որ կը փորձէ առաւելագոյն վնաս հասցնել Ռուսիոյ»,- ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւը։

«Անոնք մեր մրցակիցներն են, իսկ այժմ, ուղիղ ըսենք, թշնամիները։ Միացեալ Նահանգները մեր թշնամին է»,-ըսած է Մետվետեւ։

Անոր խօսքով՝ Միացեալ նահանգները, փորձելով առաւելագոյնս վնասել Ռուսիոյ՝ Արեւմուտքին եւս կը ստիպէ առաջնորդուիլ իր որդեգրած ուղիով։

«Ինծի համար անհասկնալի է եւրոպական երկիրներու ղեկավարներու դիրքորոշումը, որոնք ունակ չեն եւրոպացիներու օգտին որոշումներ ընդունելու։ Անոնց բոլոր որոշումները կամ առանձին քաղաքական խումբերու, կամ ամերիկացիներու օգտին են»,- ըսած է Մետվետեւ՝ աւելցնելով․ «Եւրոպայի երկիրները ոչ միայն միջազգային իրաւունքի ինքնուրոյն կողմ չեն, այլեւ վերածուած են Միացեալ Նահանգներու բարերարի՝ սեփական հարկատուներու հաշուոյն»։