Ուաշինկթընի մէջ Քոնկրէսի շէնքի առաջ ամերիկահայերը ցոյց կատարած են՝ իրենց բողոքը յայտնելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման դէմ: Բողոքի ցոյցին մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Փալոնի գրառումը Twitter-ի էջին:
«Այսօր Քոնկրէսի շէնքի մօտ ցուցարարները բողոք կը յայտնէին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական եւ անմարդկային շրջափակման: Ես հպարտութեամբ կանգնեցայ անոնց կողքին՝ կոչ ընելով, որ Միացեալ Նահանգները պատասխանատւութեան ենթարկէ Ալիեւը Արցախի ժողովուրդի դէմ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար», - գրած է Փալոն։
Ըստ գրառման կից լուսանկարի՝ ցուցարարները ցոյցին ներկայացած են Հայաստանի դրօշով եւ Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու, Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ այլ կոչեր պարունակող պաստառներով: