image

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ընթերցէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ցաւակցագիրը

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ընթերցէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ցաւակցագիրը

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմը կը սգայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տնօրէն Զաւէն Խանճեանի մահը:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ընթերցէ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ցաւակցագիրը: 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Առաջնորդ՝ բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Թեմի հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը եւ ժողովուրդը խոր ցաւով կը սգան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի անժամանակ մահը:  

Անցնող երկար տարիներու ընթացքին հանգուցեալ Զաւէն Խանճեան ամենայն լայնախոհութեամբ ու անսակարկ նուիրումով գործեց, պաշտպան կանգնելով Աւետարանական ուսուցումներուն, մեր  մշակութային ժառանգութիւններուն, մեր Հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Սփիւռքեան տարբեր գաղութներուն:  

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանին հետ ունեցաւ երկար տարիներու բարեկամութիւն եւ անոր անձին մէջ ճանչցաւ նկարագրի ազնուութիւնը, համագործակցութեան ոգին, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը եւ անկեղծութիւնը: 

Սրբազան Հայրը յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցի հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանի յուղարկաւորութեան եւ պիտի ընթերցէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ցաւակցագիրը եւ Արեւմտեան Թեմին անունով իր վշտակցութիւնը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան պատկառելի անդամներուն, հանգուցեալի ազնուաշուք տիկնոջ Սոնա Խանճեանին, զաւակներուն եւ համայն վշտակից պարագաներուն:  

Յաւիտենական հանգիստ եւ բիւր օրհնութիւն հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանի անմահ եւ պայծառ յիշատակին: 

Դիւան Առաջնորդարանի 

Օգոստոս 20, 2024