Ամբողջութեամբ կը կիսեմ վարչապետի երէկուան հնչեցուցած կարծիքները: 23 մայիսի ԱԺ նիստի մեկնարկին ըսած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան՝ պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի հարցին։
Արծուիկ Մինասեան հարցուցած է, որ արդեօք Ալեն Սիմոնեան հնարաւոր կը համարէ ՀՀ ԱԺ-ի մէջ անյապաղ գնահատականներ հնչեցնել Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան յայտարարութիւններուն, որոնք ըստ Մինասեանի հակապետական ու հակազգային են եւ ուղղակիօրէն կ'առնչուին ՀՀ եւ Արցախի շահերուն։
Ալեն Սիմոնեան պատասխանած է, թէ նախաձեռնութիւնը ներկայացուցէք կը քննարկենք․
«Ինչ վերաբերում է վարչապետի երէկուայ հնչեցրած կարծիքներին, ապա ես ամբողջութեամբ կիսում եմ այդ կարծիքները»,-նշած է Սիմոնեան։