image

Ամբողջ Իսրայէլը ցնցուած. Զոհուած են իսրայէլեան բանակի 24 զինուորներ

  Ամբողջ Իսրայէլը ցնցուած. Զոհուած են իսրայէլեան բանակի 24 զինուորներ

Կազայի մէջ ռազմական տարբեր յանձրարարութիւններ իրականացնող իսրայէլացի 24 զինուորներ եւ սպաներ սպաննուած են։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայանէն։

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ  զինուորներու մեծ մասը զոհուած է «Ալ Մաղազի» շրջանին մէջ, որ հեռու շրջան մը չէ Կազայի սահմանային հատուածէն (Յայտնի՝ Ղիլաֆ Ղազզա» անունով։)

 

 Կարգ մը թելեկրամեան ալիքներ կը գրեն, որ «Համաս»ի զինեալներ կարողացած են դիպուկ հարուած մը տալ շէնքի մը մէջ ապաստանած իսրայէլեան բանակի ջոկատին, եւ կարողացած են տեղն ու տեղը սպաննել զինուորները։

 Կը նշուի, որ իսրայէլացիներուն հետ կային պայթուցիկ նիւթեր, որ պատճառ հանդիսած է մեծ պայթումի մը։

 Իսրայէլեան բանակի ստորաբաժանումներ հասած են դէպքի վայր եւ ամբողջ գիշեր աշխատած դուրս հանելու դիակները ու նաեւ զննելու համար շրջանը։

Միւս կողմէ քաղաքական գետնի վրայ իսրայէլացի բարձրաստիճան գրեթէ բոլոր պատասխանատուներ ցաւ յայտնած են եղածին վերաբերեալ ու նշած, որ դէպքը համազօր է աղէտի։

Կը նշուի նաեւ, որ հոկտեմբերին սկիզբ առած «Ալ Աքսաի հեղեղ» անունը կրող գործողութիւնէն ասդին, այս առաջին անգամն է, որ իսրայէլեան բանակը մէկ օրուայ ընթացքին այսքան ծանր հարուած մը կը ստանայ։