Պաքուի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ՝ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը խաղաղ բանակցութիւններու վերաբերեալ յստակ է, տրամաբանական, հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ։
«Ես կը կարծեմ, որ այս սկզբունքներու հիման վրայ, միջազգային իրաւունքի չափանիշերու ու սկզբունքներու հիման վրայ կարելի է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել։ Կը կարծեմ, որ նման հնարաւորութիւններ կան»,-ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով, որ մի քանի օրէն ծրագրուած բանակցութիւններու վերջին փուլերն ու բարձր մակարդակի շփումները նպատակ ունին աւելի մօտենալ խաղաղութեան համաձայնագրին։
Ալիեւ յայտարարած է, որ իրենք այս նախաձեռնութիւնը առաջ կը քաշեն, սակայն, «հակառակ կողմը նոյնպէս պէտք է պատրաստ ըլլայ ատոր. Հայաստան պէտք է երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ իր՝ բանաւոր կատարած յայտարարութիւնները ամրագրէ թուղթի վրայ»։
«Եթէ նախորդ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստան ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները, այս տարուան Մայիսին աւելի հեռուն գնաց՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Ատրպէյճանի տարածքի բոլոր բաղադրիչները, ներառեալ Ղարաբաղը եւ միջերկրային գիւղերը։ Այս մէկը պէտք է դրական փաստ նկատել։ Այժմ, սակայն, եկած է այդ խօսքերը թուղթի վրայ ամրագրելու ժամանակը, որ անոնց տակ ստորագրութիւններ դրուին, եւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին», յայտարարած է Ալիեւ։