image

Ալիեւ փակ հանդիպման ժամանակ ընդունած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը. Ալեն Սիմոնեան

Ալիեւ փակ հանդիպման ժամանակ ընդունած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը. Ալեն Սիմոնեան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ փակ հանդիպման ժամանակ նոյնպէս ընդունած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը`թուային ձեւակերպումով։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

ՀՀ Ազգային Ժողովի խօսնակը շեշտած է, որ հակառակ Ատրպէյճանի նման յայտարարութեան` հայկական կողմը մտահոգութիւններ դեռ ունի։

«Մինչեւ թուղթը չլինի, մինչեւ երաշխաւորը չլինի, անընդհատ մտահոգիչ բան լինելու է»,–ըսած է ան։

Իսկ ինչո՞ւ Հայաստանը շտապեց ու բացէիբաց յայտարարեց տարածքային ամբողջականութիւնը ընդունելու մասին հարցին` Ալեն Սիմոնեան հարցով պատասխանած է. «Իսկ մենք մերը չասէի՞նք, չասէի՞նք, որ էտ տարածքի մէջ մերը դա է»,–ըսած է ան։

Ըստ Ալեն Սիմոնեանի՝ պէտք է տարբերել պետութիւնն ու հայրենիքը։ Ան պնդած է, որ Կարսը իր հայրենիքն է, քանի որ տատն այնտեղէն է, բայց այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթրն է, որով ՀՀ բնակչութիւնը անկախացած է Սովետական Միութեան փլուզման ժամանակ։

«Պէտք է հասկանանք՝ Հայաստանը վերացական ամորֆ բա՞ն է, թէ՞ սահմաններ ունեցող պետութիւն է»,– յայտարարած է ան։ Ազգային Ժողովի խօսնակը համոզուած է` մինչեւ մեր պատրանքները մեր մէջ չկոտրենք, մեր թշնամիները պիտի շարունակեն օգտուիլ ատկէ։