Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ France 24 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ բացառած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն որեւէ ինքնավարութիւն տալու հնարաւորութիւնը:
«Ինչ կը վերաբերի ինքնավարության մասին զրոյցներուն, ապա ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները լաւ գիտեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումը: Մենք ժամանակին առաջարկած ենք հայերուն ինքնակառավարման որոշակի աստիճան յատկացնել, սակայն անոնք մերժած են այդ տարբերակը: Անոնք միայն «անկախութեան» մասին խօսած են: Իսկ հիմա, երբ հակամարտութիւնը անցեալին մէջ մնացած է, անոնք կը բարձրացնեն ինքնավարութեան մասին հարցը: Սակայն մեր օրակարգին մէջ ընդգրկուած չէ ինքնավարութիւն տալու հարցը»,- ըսած է Ալիեւ:
Ան եւս մէկ անգամ հաստատած է իր դիրքորոշումը, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է»: «Որեւէ յայտարարութիւն այն մասին, որ հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած, ոչ միայն տեղին չէ, այլ նաեւ շատ վտանգաւոր է: Եթէ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, թող ըսեն՝ ինչպէս պէտք է կարգաւորել», յաւելած է ատրպէյճանցի ղեկավարը:
Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանը «վերադարձուցած է պատերազմի ժամանակ գերի ինկած բոլոր զինուորականները»:
«Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ հաստատել այդ: Մենք վերադարձուցած ենք անոնց զինուորները, նոյնիսկ նախքան անոնք վերադարձնեն մեր զինուորականները: Այն անձերը, որոնց նկատի ունի Human Rights Watch-ը, մարդիկ են, որոնք մեր դիրքեր ուղարկուած են Հայաստանի ռազմական հրամանատարութեան կողմէ պատերազմի աւարտէն եւ նոյեմբերեան համաձայնագրի ստորագրումէն երկու շաբաթ անց», ըսած է Ալիեւը՝ պատասխանելով իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հնչեցուցած մեղադրանքներու մասին հարցումին, որոնց համաձայն՝ Ատրպէյճանը կտտանքներու կ'ենթարկէ հայ ռազմագերիները: