image

Ալիեւ կը կարծէ, որ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումէն ետք ատրպէյճանցիները «իրաւունք ունին» վերադառնալու Հայաստան

Ալիեւ կը կարծէ, որ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումէն ետք ատրպէյճանցիները «իրաւունք ունին» վերադառնալու Հայաստան

Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ խաղաղութիւն կ'ուզէ եւ տարածքային պահանջներ չունի այդ երկրի նկատմամբ. այս մասին Euronews-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ շեշտելով, սակայն, որ Հայաստանէն «տեղահանուած ատրպէյճանցիները», հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումէն ետք, վերադառնալու իրաւունք ունին: 

«Իմ ուղերձը Հայաստանին հետեւեալն է՝ մենք խաղաղութիւն կ'ուզենք անոնց պետութեան հետ։ Մենք հայերու նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունինք, թէեւ մինչ պատերազմը Հայաստանի մէջ հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներ կ'ապրէին, որոնց նկատմամբ իրականացուած են էթնիքական զտումներ, հիմնովին ոչնչացուած է անոնց մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը: Սակայն մենք տարածքային պահանջներ չունինք։ Բայց մենք կը կարծենք, որ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիները իրաւունք ունին վերադառնալու այնտեղ, երբ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները եւ հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ», -ըսած է Ալիեւ։