image

Ալիեւ «դրական արդիւնքներ»ու յոյս ունի

Ալիեւ «դրական արդիւնքներ»ու յոյս ունի

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի հետ հանդիպման յայտարարած է Հայաստանի հետ խաղաղ գործընթացը շարունակելու ատրպէյճանական կողմի վճռականութեան մասին։

Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած հիմնական ուղղութիւններու շուրջ արդիւնքներ ձեռք կը բերուին։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման կողմերը քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցային գործընթացը։

Հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը շարունակած է միտքեր փոխանակել ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին բարձրացուած հարցերու շուրջ։