Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Իլեա Տարչիաշվիլիի հետ համատեղ ճեպազրոյցին յայտարարած է իր հայ գործընկերոջ հետ բանակցութիւններու «արդիւնքներուն մասին»:
«Հակամարտութեան դադրեցումէն յետոյ առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովումն է: Այս կապակցութեամբ ես հնարաւորութիւն ունեցած եմ բանակցելու իմ հայ գործընկերոջ հետ եւ կրնամ ըսել, որ արդէն որոշակի արդիւնքներ ունինք: Այժմ պայմաններ ստեղծուած են սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքները սկսելու համար», ըսած է նախարար Պայրամովը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանը «յաջողութեամբ ինչպէս երկաթուղային, այնպէս ալ ճանապարհային նախագիծեր կ'իրականացնէ իր տարածքին մէջ» եւ կը նախատեսէ մինչեւ 2023 թուական աւարտել հաղորդակցութիւններու բացման իր հատուածին շինարարութիւնը. «Այդ առաջին հերթին կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի 3 երկիրներուն` տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, յատկապէս ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսանկիւնէն: Անոր կ'աջակցի նաեւ վրացական կողմը: Այստեղ ատրպէյճանա-վրացական համագործակցութիւնը կրնայ որպէս ձեւաչափ օգտագործուիլ, եթէ Հարաւային Կովկասը որպէս մեր համատեղ տուն կը դիտարկենք: Սա կրնայ օրինակ ծառայել որեւէ երկու հարեւան երկիրներու համար: Հայաստանը, ի հարկէ, կրնայ իր տեղը զբաղեցնել նաեւ միջազգային նախագիծերու մէջ` հետեւելով միջազգային իրաւունքի կանոններուն ու սկզբունքներուն»: