Ատրպէյճան, 8 նոյեմբերին, բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպած է զօրահանդէս՝ նուիրուած «Յաղթանակի օրուան»:
Ինչպէս հաղորդած են տեղի լրատուամիջոցները, զօրահանդէսին հետեւած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան, եւ որդին՝ Հէյտար Ալիեւը։
Զինուորական երթ տեղի ունեցած է նաեւ բռնագրաւուած Բերձորի մէջ: