image

Ալիեւ այցելած է Չայլի անունով գիւղ. Այն Տաւուշին մերձ գտնուող գիւղ է

Ալիեւ այցելած է Չայլի անունով գիւղ. Այն Տաւուշին մերձ գտնուող գիւղ է

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկուշաբթի այցելած է Ղազախի շրջան, տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ուղեւորութեան ընթացքին ան մասնակցած է Ղազախ քաղաքին մէջ ջրամատակարարման համակարգը եւ կոյուղին շահագործման յանձնելու արարողութեան:

«Բացի այդ, Ալիեւ մասնակցած է Ղարափափագ-Չայլի ճանապարհի բացման վերակառուցումէն ետք, ծանօթացած է պայմաններուն, որոնք ստեղծուած են պետական սահմանապահ ծառայութեան «Ղազախ» սահմանապահ զօրքերու առանձին սահմանապահ ջոկատի գումարտակային համալիրին մէջ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Չայլի գիւղը կը գտնուի Տաւուշի մարզի անկլաւներէն 10 քիլոմեթր հեռու։