image

Ալաճաճեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործն է.Նազարէթ Պէրպէրեան

Ալաճաճեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը՝  «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործն  է.Նազարէթ Պէրպէրեան

Գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Ստեփան Ալաճաճեանի 100-ամեակին անդրադարձան նաեւ հայրենի եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներ, ընկերային ցանցերու էջեր: Եւ հակառակ որ մեծաթիւ չէին այդ անդրադարձները, սակայն որակեալ էին եւ արժանի խօսքմեծ մտաւորականի 100-ամեակին: Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տպագրած է սփիւռքահայ հրապարակախօս  Նազարէթ Պէրպէրեանի «Ստեփան Ալաճաճեան (1924-2010). «Չխոնարհող եղէգներ»ու հայրենադարձ պատգամաբերը» խորագրով յօդուածը, ուր անդրադարձ կատարած է Ալաճաճեանի թէ՛ կեանքին, թէ՛ գրական, հրապարակախօսական գործունէութեան, թէ՛ մտաւորական կերպարին: Կը ներկայացնենք այդ յօդուածը: 

Յունուար 3ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի մեծ վարպետներէն Ստեփան Ալաճաճեանի, որ յատկապէս «Եղէգները չխոնարհուեցին» անուն իր վէպով՝ անմահութիւն նուաճեց եւ արժանաւորապէս իր փայլուն աստղը ունեցաւ հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։

Տարաբախտ կեանք մը ապրեցաւ Ս. Ալաճաճեան։ Կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը եւ ստոյգ մահէ փրկուեցաւ 1980ականներու սկզբնաւորութեան, երբ վիրահատեցին զինք ու ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց ձայնի, կեանքին մնացեալ ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը բնաւ ձեռքէն վար չդրաւ, անդուլ ստեղծագործեց եւ իր սիրտն ու միտքը միշտ բաց պահեց ընթերցողին առջեւ՝ բառին փոխաբերական իմաստով բարձր ձայնով իր պատգամը հասցնելով հայոց սերունդներուն։

Եւ այդպէս, տասնամեակներու մաքառումէ ետք, 23 Դեկտեմբեր 2010ին, Լոս Անճելըսի մէջ, շիջեցաւ աստղը հայ արձակի ու հայ մտքի տաղանդաշատ այս ներկայացուցիչին։

Յաւերժութեան սահմանուած պատգամ ունեցող գրագէտն է Ալաճաճեան, որ նաեւ իր կենսագրութեամբ՝ պատգամաբերը դարձաւ մեր ժողովուրդի «Հայրենադարձ Սերունդին»։

19րդ դարավերջին թափ առած եւ 20րդ դարասկիզբին պատմական դարձակէտ նուաճած հայ ազգային-ազատագրական շարժումին յաղթագոռ պատգամը՝ վերածնեալ հայրենիքի ու ազգի ամբողջական ազատագրումի իր տեսլականով, Ալաճաճեանի գրչին տակ սերունդներուն մատուցուեցաւ «Չխոնարհող Եղէգներ»ու սրտառուչ պատկերով.-

Թրքական լուծին եւ եաթաղանին տակ ստոյգ կործանման մատնուած հայ ժողովուրդին հերոսական ծառացումը, մահացու հարուած ստանալէ ետք անգամ յարութիւն առնելու հայուն ազգային հաստատակամութիւնը, մանաւա՛նդ գերագոյն զոհաբերութեան գնով պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը շրջելու եւ ազատութիւն նուաճելու հայկական մարտունակութիւնը իրենց յաղթահասակ մարմնաւորումը գտան Ալաճաճեանի ապրեցուցած մարդկային «Եղէգներ»ով, որոնք ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու ենթարկուելով հանդերձ՝ բնաւ «չխոնարհուեցին»…

«Մարդն ապրել է ուզում, ազգն ապրել է ուզում, հայրենիքը ազատութիւն է ուզում, գաղափարների համար մարդը պարտաւոր է գնալ կռուի» պատգամով՝ Ս. Ալաճաճեան ստեղծեց «Եղէգները Չխոնարհուեցին» վէպին երկու հատորները, որոնք լոյս ընծայուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առթիւ տեղի ունեցած մեծագոյն ցոյցէն յետոյ, 1966 եւ 1967 թուականներուն:

Ինչպէս գրականագէտ Սեւակ Արզումանեան հետագային պիտի նշէր «Ստեփան Ալաճաճեան» խորագրով իր մենագրութեան մէջ՝ Ալաճաճեան «իր գեղեցիկ տաղանդը փայլուն կերպով հաստատում է այս վէպով: Նա մեծ արուեստի ուժով պատկերել է հռչակաւոր զէյթունցիների վերջին հերոսամարտը 1915 թուականի Եղեռնից յետոյ:

«Զէյթունի վերջին հերոսամարտի գեղարուեստական տարեգրութիւնն է Ալաճաճեանի այս վէպը, հերոսական մի ասք-պատում, որը կերպարների տիպականացմամբ, հոգեբանական խտացումներով, յուզական ներազդեցութեան ուժով, անշուշտ, 1960ական թուականների հայոց վիպասանութեան նուաճումներից մէկը եղաւ»:

Նաեւ Հայրենադարձի իր խառն ու հակասական կենսագրութեամբ՝ Սերունդի մը իւրայատուկ պատգամաբերը դարձաւ Ս. Ալաճաճեան։ 1946ին ներգաղթեց Հայաստան, խորհրդային կարգերուն «յարմարուելու» տիրական հոսանքին հետ քայլ պահողներէն եղաւ, կոմունիստական ամբողջատիրութեան իշխանաւորական աստիճաններէն բարձրացաւ, բայց իր մտքին ու հոգիին խորերէն միշտ ալ ուրիշ «Աստուծոյ» երկրպագեց Ալաճաճեան, որ 1991ին արտագաղթեց Հայաստանէն եւ մինչեւ իր վախճանը մնայուն բնակութիւն հաստատեց Լոս Անճելըսի մէջ։

Յատկանշականօրէն իր «հայրենաթողութիւնը» թիրախ չդարձաւ քարկոծումի, ոչ ալ 1991էն ետք իր ունեցած հակախորհրդային սուր քննադատութիւնները վերապահութեամբ ընկալուեցան։ Աւելի՛ն. Հայու Հայրենասիրութեան նոր որակ եւ բովանդակութիւն ներարկող պատգամաբեր մը եղաւ իր թէ՛ հայրենադարձութեամբ, թէ՛ հայրենիքէն ֆիզիքական հեռացումով…

Տաղանդաւոր գրողը ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, զէյթունցի Եղիա Ալաճաճեանի յարկին տակ։ Կրթական ու գրական իր կազմաւորումը ստացած երիտասարդ էր, երբ 1946ին ընտանեօք տեղափոխուեցան Հայաստան ու հաստատուեցան Զէյթուն թաղամասը։ 1951ին աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան հիմնարկը, իսկ 1957ին Խ.Ս.Հ.Մ. Գրողների Միութեանն առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացները (Մոսկուա): 1957-1963ին մաս կազմեց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագրութեան, իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ: 1966-1967ին ստանձնեց «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պատասխանատուութիւնը։ 1967էն 1975, եղաւ Հայաստանի Սովետական Գրողների Միութեան վարչութեան քարտուղար։ Իսկ 1980էն ետք ստանձնեց Հ.Խ.Ս.Հ. մշակոյթի նախարարութեան Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին տնօրէնութիւնը։

1991 թուին Ս. Ալաճաճեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր հիմնեց եւ հրատարակեց «Համայնապատկեր» ամսագիրը։ Իր կեանքին վերջին 19 տարիները Հայաստանէն հեռու ապրելով հանդերձ՝ Ալաճաճեան ոչ մէկ պարագայի խզուեցաւ հայրենի իրականութենէն։ Թափով շարունակեց գրել ինչպէս գեղարուեստական նոր երկեր, նոյնպէս եւ յուշագրական գործեր։ 2008ին արժանացաւ Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանին՝ առ ի գնահատանք տասնամեակներու իր ստեղծագործական վաստակին եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան։

Ս. Ալաճաճեանի գրական առաջին գործը՝ «Ծովուն երգը» ոտանաւորը լոյս տեսած է 1939ին, 15 տարեկանին, Պէյրութ հրատարակուող «Պատանեկան Արձագանգ» պարբերաթերթի էջերուն։ Իսկ 1942ին, Հալէպի «Տիգրիս» տպարանը լոյս ընծայած է 18ամեայ հեղինակին քերթուածներու երեխայրիքը՝ «Վշտի ծաղիկներ» գրքոյկը, 47 էջով։

Հայաստան ներգաղթելէն ետք, Ս. Ալաճաճեան նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ 1953էն սկսեալ, յաջորդաբար, լոյս ընծայեց «Անապատում», «Պարտութիւն», «Փիւնիկ» ու «Առանց հայրենիքի» վիպակները, նաեւ՝ «Եռաթեւ ծիածան», «Մադլէնն ապրում է Փարիզում» ու «Արծիւն ու հովիւը» պատմուածքներու ժողովածուները, ինչպէս նաեւ՝ «Այգիների աշխարհում» ակնարկը։

Բայց Ալաճաճեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը կապուեցաւ «Եղէգները չխոնարհուեցին» երկհատոր վէպի հրատարակութեան՝ 1966ին եւ 1967ին։

Հայ ազգային-ազատագրական շարժումէն վերցուած կերպարներով ու դրուագներով՝ հեղինակը նորովի շունչով ընթերցողին հասցուց հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքին խորհուրդն ու պատգամը։ Ոչ միայն գաղափարական իր խորքով, այլեւ գեղարուեստական իր մշակումով՝ Ալաճաճեանի արձակը վերանորոգեց հայ գրականութիւնը։

Պատումի անմիջականութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, պարզ ու գեղեցիկ ոճով կերպարներու եւ պահերու հոգեբանական շնչաւորումը կազմեցին հիմքը Ալաճաճեանի գեղարուեստական ոճին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործը արժանացնելով հայ ժամանակակից գրականութեան գլուխ-գործոցներու պատուանդանին։

Քաջալերուած իր վէպին գտած յաջողութենէն, Ալաճաճեան թափով շարունակեց ստեղծագործել։ 1977ին լոյս ընծայեց «Վերածնունդ» ժողովածուն, ուր տեղ գտաւ անոր «Զարմանալի Հայաստան» գործը։ Հետեւեցաւ «Անառագաստ նաւակներ» վիպակը, 1978ին, 128 էջով։ Իսկ 1980-1981ին իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց «Ապառաժները արտասուել գիտեն» եւ «Ոսկեգոյն ծիրկաթին» վիպակները։

Ալաճաճեան փորձեց եւ յաջողեցաւ նաեւ շարժանկարի համար բեմագրութիւններու մշակումին մէջ։ Հենրիկ Մալեանի հետ համահեղինակ եղաւ, 1980ին, Հայֆիլմի գլուխ-գործոցներէն համարուող՝ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնի բեմագրութեան։ Ալաճաճեանի հեղինակութիւնն է, նոյնպէս Հայֆիլմի կողմէ նկարահանուած, «Ճերմակ անուրջներ» ժապաւէնի բեմագրութիւնը։

Հայրենիքի մէջ Ալաճաճեանի ստեղծագործած վերջին գործը եղաւ «Չսպիացած վէրք» երկհատոր վէպը, 1989-1990ին։

Իսկ 1991էն ետք, արդէն Լոս Անճելըս հաստատուած, Ալաճաճեան լոյս ընծայեց «Լուսաւորեալ խորաններ» յուշագրութիւնը, 1993ին. «…Եւ Ատրուշաններ» խորագրով դարձեալ յուշագրական գործը, 1995ին։ Յաջորդեց «Ճամփեզրի վրայ» ժողովածուն, 1998ին։ «Վաթսունականք»ը՝ 2002ին։ «Ձայն բազմաց»ը՝ 2008ին։ «Հայ մամուլի էջերում (1957-2005)»ը՝ 2008ին, ուր մէկտեղուած են բազմավաստակ գրողին ու խմբագրին յօդուածներու, ակնարկներու, քննական ուսումնասիրութեանց, գրախօսականներու, դիմանկարներու եւ հարցազրոյցներու ընտրանին։ «Յորձանուտը»՝ 2009ին, դարձեալ յուշեր: «Վերջին հունձքը»՝ 2010ին։

2009ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ Ս. Ալաճաճեանի ծննդեան 85ամեակը։

Ալաճաճեանի գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի, էստոներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու՝ արժանանալով առանձին հրատարակութեանց։

Նաեւ ինք՝ Ս. Ալաճաճեան տաղանդաւոր թարգմանիչ էր։ Շէյքսփիրի եւ Ժան-Փօլ Սարթրի կարեւոր գործերը հայացուցած է։

«Չխոնարհուող Եղէգներու» մեծատաղանդ պատգամաբերին ծննդեան տարեդարձը առիթ մը թող ըլլայ վերանորոգուելու Ստեփան Ալաճաճեանի իմաստուն խորհուրդով.-

«Միշտ էլ աւագները կարծում են, որ իրենց անցեալը դաստիարակ կը դառնայ ապագայ սերունդների համար: Ես էլ եմ այդպէս կարծում. նոր սերունդը իր ներկայի մէջ կը ձգտի՝ աւագների անցեալն իմանալով՝ դասեր վերցնել նրանից»: