image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Քաթարեան հանգուցակէտը եւ Միջին Արեւելեան իրադարձութիւնները

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Քաթարեան հանգուցակէտը եւ Միջին Արեւելեան իրադարձութիւնները

Համասի ղեկավար դէմքերու տեղակայումը Տոհա, Համասի ֆինանսաւորումը Քաթարի կողմէ, եւ միւս կողմէ Քաթար-Իսրայէլ բնականոն յարաբերութիւնները Ծոցի այս փոքր երկրին տուած են հանգուցակէտային  կարգավիճակ տարածաշրջանի ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւններուն յարաբերակցութեամբ:

Կը թուի, որ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ իրադարձութիւններ հունաւորելու համար նման հանգուցակէտեր ստեղծելը աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն կեդրոններու վարքագիծ է: Հարաւային Կովկասի մէջ Թիֆլիսը անյաջող փորձ կատարեց իր քաղաքականութեան վերանայման եւ վերահաւասարակշռման: Այդ տարածաշրջանին մէջ միանշանակօրէն պարզ չէ դեռ Քաթարի դերը վերցնողը: Աշխարհաքաղաքական բախումները սուր են եւ չ՛երեւիր գլխաւոր խաղցողներու հետ համակողմանի յարաբերութիւններ վարող հանգուցակէտ պետութիւնը:

 

 

Իսրայէլ-Համաս պատերազմի կանգառային այս փուլը հիմնականին մէջ գերիներու փոխանակման համար է: Փուլ առ փուլ կ՛իրականացուի համաձայնուած փոխանակումը: Փոխանակման առաջին փուլի ամբողջացումէն ետք, ըստ յայտարարութիւններու կը վերսկսին զինուորական գործողութիւնները: Այս տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ երկրորդ զինադուլը կը պայմանաւորուի գերիներու փոխանակման երկրորդ փուլով, երկու կողմերէն ազատ արձակելի գերիներու թիւերու շուրջ համաձայնութենէն ետք: Եւ այսպէս շարունակ: Թել Աւիւը յայտարարած է, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի չդադրին, մինչեւ որ Նոր Կազան չստեղծուի. Կազան, առանց Համասի:

Գերիներու փոխանակման այս առանցքային օրակարգը բոլոր լուսարձակները կը խլէ, լուսանցք յղելով այլ համաձայնութիւն մը` մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը Կազայի ժողովուրդին, թէկուզ ոչ ակնկալուած քանակով եւ պաղեստինեան կողմի յստակ դժգոհութեամբ:

Այս գործարքի արդիւնքը այն է, որ Իսրայէլ կը ստանայ իր գերիներէն խմբաքանակ մը, դիմացը Կազան կը ստանայ պաղեստինցի գերեվարուածներու խումբ, առաւել` մարդասիրական օժանդակութիւն:

Նման ամբողջական պաշարումով պայմանաւորուած  զինուորական ծանր յարձակումէ ետք զինադուլային կանգառի պարագային, շրջափակումէ ելքի զանգուածային հոսքեր կը գրանցուին: Այդպէս չէ միտումը. այնտեղ մնացող ժողովուրդին համար մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը պաղեստինեան կողմին համար պայման է գործարքին շուրջ համաձայնութիւն կայացնելու համար: Տարածքը պարպելու տրամադրութիւններ չկան յայտնապէս, եւ այս երեւոյթը անպայման չի կապուիր ընդունող կողմի չգոյութեամբ: Հողին կառչածութեան կամքը առկայ է յայտնաբար:

Այս բանակցութիւններուն եւ գործարքի կայացման մէջ ակներեւ է Քաթարը, որ մագոգային բանակցութիւններ կը շարունակէ վարել իրականացնելու համար զինադուլը, գերիներու փոխանակումը եւ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը: Երկրորդ կարգի վրայ ածանցեալ ձեւով կ՛երեւի Եգիպտոսը: Խորապատկերին վրայ հեղինակաւոր շուքերը կ՛ուրուագծեն անշուշտ Ուաշինկթընի եւ Իրանի ազդեցութեան քարտէսները եւ մանաւանդ պատերազմը վերահսկելի պահելու անոնց որոշումները: Հուսիներու յարձակումները, իսրայէլացի գործարարներու պատկանող նաւերու առեւանգումներն ու նոյնիսկ հարաւային Լիբանանի սահմանափակ գօտիի մէջ արձանագրուող ծանր բախումները չեն հատեր կարմիր գիծերը եւ չեն բռնկեցներ տարածաշրջանը: Իսկ նման ճակատագրական որոշումները կախեալ են ո՛չ աշխուժ Տոհայէն, ո՛չ ալ անցք եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրող Գահիրէէն: Կախեալ են ուղղակիօրէն Ուաշինկթընէն եւ Թեհրանէն: Անմիջապէս նկատենք այստեղ, որ միջնորդելու եւ ընթացք հունաւորելու առումով Անգարան յայտնապէս չունի նոյն ազդեցիկութիւնը: Իր յայտարարութիւններու առաստաղին կտրուկ բարձրացումը Թել Աւիւի նկատմամբ առ երեւոյթ ստեղծած է կողմնակալ դիրքորոշում, ինչ որ ինքնազրկում է միջնորդի դեր վերցնելէ:

Տոհայի աշխուժացումը ունի իր քաղաքական ենթահողը: Պէտք է անմիջապէս յիշել Քաթարին ենթարկուած տնտեսաքաղաքական մեկուսացումը, առաջ մղուած Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, երբ Քաթար որոշած էր իր յարաբերութիւնները բնականոն պահել Թեհրանի հետ: Տոհայի դէմ Սէուտական Արաբիոյ պարզած արշաւանքին միացան Արաբական ծոցի երկիրները: Քաթարը չշեղեցաւ Իրանի հետ իր յարաբերութիւններու զարգացման վարքագիծէն: Ռիատն էր եւ անոր հետեւող արբանեակային պետութիւնները, որոնք Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման նախաքայլեր սկսան առնել: Ընթացքը պարզ է, որ կ՛ուղղորդուէր Ուաշինկթընէն:

Քաթարը, Միացեալ Նահանգներու ուղղակի ազդեցութեան տակ շարունակեց իր յարաբերութիւնները նաեւ Թել Աւիւի հետ: Ծոցի տարածաշրջանին մէջ կարեւորագոյն հանգուցակէտ մը, որ թէ՛ Թեհրանի ուղղութեամբ եւ թէ՛ Թել Աւիւի, փորձեց իր երկկողմ քաղաքականութիւնը շարունակել: Այս հաւասարակշռութիւնը սակայն քաղաքականացուած է եւ չի վերաբերիր միայն Տոհային: Այստեղ պարզ է Միացեալ Նահանգներու թելադրանքը Իսրայէլին ընդունելու այն Քաթարը, որ կը ֆինանսաւորէ նաեւ Համասը:

Համասի ղեկավար դէմքերու տեղակայումը Տոհա, Համասի ֆինանսաւորումը Քաթարի կողմէ, եւ միւս կողմէ Քաթար-Իսրայէլ բնականոն յարաբերութիւնները Ծոցի այս փոքր երկրին տուած են հանգուցակէտային  կարգավիճակ տարածաշրջանի ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւններուն յարաբերակցութեամբ:

Կը թուի, որ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ իրադարձութիւններ հունաւորելու համար նման հանգուցակէտեր ստեղծելը աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն կեդրոններու վարքագիծ է: Հարաւային Կովկասի մէջ Թիֆլիսը անյաջող փորձ կատարեց իր քաղաքականութեան վերանայման եւ վերահաւասարակշռման: Այդ տարածաշրջանին մէջ միանշանակօրէն պարզ չէ դեռ Քաթարի դերը վերցնողը: Աշխարհաքաղաքական բախումները սուր են եւ չ՛երեւիր գլխաւոր խաղցողներու հետ համակողմանի յարաբերութիւններ վարող հանգուցակէտ պետութիւնը:

 

«Ա.»

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն