image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հիւսիս-Հարաւը Եւ Սիւնիք-Թաւրիզը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հիւսիս-Հարաւը Եւ Սիւնիք-Թաւրիզը

Յայտնաբար այս ճանապարհի գործարկումը չի բխիր Ազրպէյճանի շահերէն: Պաքուն Մոսկուայի հետ կ՛ուզէ գործարկել զանգեզուրեան միւս ճանապարհը, կամ իրենց ըսելաձեւով` միջանցքը: Եթէ ընդունինք այս իրականութիւնը, ապա կ՛եզրակացնենք, որ Սիւնիքի մէջ ուղղակի կը հակադրուին Ազրպէյճանի եւ Իրանի շահերը: Աւելի խորացնելով թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի եւ Իրանի շահերը: Իսկ յաւելեալ տարածաշրջանային դիտանկիւնով` Մոսկուայի եւ Թեհրանի մօտեցումները կը բախին իրար: Աշխարհաքաղաքական` Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ նաեւ:

Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Երկու տարիէ ի վեր Կապանի մէջ կը գործէ Իրանի հիւպատոսութիւնը: Թաւրիզի հայաստանեան հիւպատոսութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ Կապանի իրանեան հիւպատոսութեան հաստատման համապատասխան կամ համարժէք քայլ:

Երկու պարագաներուն ալ ընտրուած վայրը ռազմավարական խոր նշանակութիւն ունի: Իրանը կը շարունակէ ընդգծել, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չի հանդուրժեր: Սիւնիքը հետեւաբար Հիւսիս-հարաւ ճանապարհով, ճանապարհային կարեւորագոյն ցանցակէտի հանգամանք կը ստանայ:

Իրանին հետեւեցան Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Ֆրանսան` պաշտօնապէս յայտարարելով, որ ծրագրած են Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւններ հաստատել: Այս որոշումները աւելիով կ՛ամրապնդեն Սիւնիքի տարածաշրջանային տարողունակութիւն ստանալու փաստը:

Թաւրիզը կամ Ատրպատականը կարեւորագոյն աշխարհագրական միջավայր է Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ: Այնտեղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ծագումով ազերի է: Նման միջավայրի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն հաստատելը պատահականութիւն չէ անշուշտ: Այս պարագային միայն վայրի տրամադրումը չէ, որ տեղւոյն իշխանութիւններու համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը համոզէ, որ իրանեան իշխանութիւններու յուշումը չէ բացառուած նման վայրի մէջ  հիւպատոսութեան հաստատման եւ ուղղակի վայրի ընտրութեան մէջ:

Մոսկուան կրնայ շատ հանգիստ չընկալել այս գործընթացները: Պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կապի գործարկումը Երեւանն է, որ կը ձգձգէ: Այստեղ անշուշտ պարզ է ակնարկը, որովհետեւ հերթական յաճախականութիւններով Մոսկուայի ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն նոյեմբերեան եռակողմի 9-րդ կէտի իրացումը: Այնտեղ, ռուսական հայեցակէտով ամէնէն շահագրգիռ առանցքային բաժինը ռուսական ուժերուն կողմէ բացուող ճանապարհներու վերահսկողութիւնն է:

Հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը առաջադրող այլ գիծ մը, որ երկար ատենէ ի վեր արծարծուած, բայց չգործարկուած Հիւսիս-հարաւն է: Իրան-Սիւնիքի վրայով Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով. այլ խօսքով, Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը: Այս գիծին սկզբնակէտերն ու վերջնակէտերը տակաւին կրնան իրենց մասին խօսիլ տալ. այս պահու դրութեամբ սակայն Պարսից ծոց-Սեւ ծով ճանապարհի մասին են քննարկումները:

Պարզ դարձաւ, որ իրանեան երկու մեծագոյն ընկերութիւններ ստանձնած են առանցքային այս ճանապարհի հարաւային հատուածի հարթեցման աշխատանքները: Այս կը նշանակէ, որ Պարսից ծոց-Սեւ ծով նախագիծը անցում կատարած է դէպի գործնական փուլ: Այս  ճանապարհը Իրանի համար ապաշրջափակման առումով կենսաճանապարհ է:

Յայտնաբար այս ճանապարհի գործարկումը չի բխիր Ազրպէյճանի շահերէն: Պաքուն Մոսկուայի հետ կ՛ուզէ գործարկել զանգեզուրեան միւս ճանապարհը, կամ իրենց ըսելաձեւով` միջանցքը: Եթէ ընդունինք այս իրականութիւնը, ապա կ՛եզրակացնենք, որ Սիւնիքի մէջ ուղղակի կը հակադրուին Ազրպէյճանի եւ Իրանի շահերը: Աւելի խորացնելով թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի եւ Իրանի շահերը: Իսկ յաւելեալ տարածաշրջանային դիտանկիւնով` Մոսկուայի եւ Թեհրանի մօտեցումները կը բախին իրար: Աշխարհաքաղաքական` Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ նաեւ:

Անկախ Սիւնիքի հանգամանքին շուրջ աշխարհաքաղաքական տարակարծութիւններէն, այս բոլորը կը յուշեն, որ հայկական կողմը աժան շտապողականութիւն ցոյց տալու պէտք չունի, անհիմն խաղաղութեան մասին երազանք հիւսելով նոյնիսկ Սահմանադրութիւն փոխելու կամ ապաշրջափակման օրակարգին տակ Պաքուի պահանջներուն արագօրէն տեղի տալու:

Մանաւանդ որ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը շարունակէ փոխկապակցել Երեւան -Պաքու եւ Երեւան-Անգարա բանակցութիւնները: Մանաւանդ որ Պաքուն նոր պայմաններ առաջ կը քշէ` յայտարարելով, որ Անկախութեան հռչակագիրը միակ փաստաթուղթը չէ, ուր Պաքուի համար անընդունելի ձեւակերպումներ կան:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ Սիւնիքի կարգավիճակային պատկերացումներուն շուրջ կան աշխարհաքաղաքական հակասութիւններ: Մինչ, մեր իշխանութիւնները նոր յանձնուողական քայլ առնելու համար կ՛աճապարեն: