image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 1701-ի ուրուագծումներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 1701-ի ուրուագծումներ

Խօսքը ուղղակիօրէն Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատումի մասին է, միջանկեալ միջազգային խաղաղապահութեամբ: Միջանկեալ գօտիի ընդլայնումի օրակարգ կայ փաստօրէն, ինչ որ կ՛ենթադրէ հայելային յետքաշում ուժերու: Արդէն կ՛ուրուագծուի ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը:

Լիբանանի ուղղութեամբ Իսրայէլի սպառնալից յայտարարութիւններու առաստաղը կը թուի, որ սկսած է իջնել: Աւելի ճիշդ, նոր սպառնալիքներ չեն հնչեր, յատկապէս պատերազմին լայնածաւալ տարողութիւն ապահովելու, ոչնչացման կամ բնաջնջման գործողութիւններու դիմելու կամ քար քարի վրայ չձգելու առումով նախապէս կատարուող յայտարարութիւններուն  համեմատաբար:

Տարբեր ուղղութիւններով եւ մակարդակներով կան որոշ դիրքորոշումներ եւ մօտեցումներ, որոնք կ՛առնչուին հռետորաբանական ոճի փոփոխութիւններուն հետ:

Լիբանանեան մակարդակի վրայ,  Համաս շարժումի բանբերին յայտարարութիւնը, որ եթէ Թել Աւիւի պատասխանը դրական ըլլայ, կարելի է քանի մը օրուան կամ յառաջիկայ ժամերուն համաձայնութեան հասնիլ` աւելցնելով, որ իր կազմակերպութիւնը չի  կարծեր, որ Կազայի մէջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք Իսրայէլ պիտի շարունակէ այլ ճակատներու վրայ կռուիլ:

Համասի պաշտօնական խօսափողն է այս մասին ընդգծում կատարողը. պարզ է ուղերձը, զինադուլի կայացումը կախեալ է Թել Աւիւէն ակնկալուած դրական պատասխանէն, ինչ որ իր հերթին պիտի առաջնորդէ միւս ռազմաճակատներուն ուղղութեամբ եւս հրադադարներու:

Որոշ երանգային տարբերութիւններով կը խօսի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը, որ Միացեալ Նահանգներուն վրայ կը տեղադրէ պատասխանատուութիւն անհրաժեշտ ճնշամիջոցները չգործադրելու Թել Աւիւին վրայ, որպէսզի համաձայնի հրադադարին: Սակայն Կազա-հարաւային Լիբանան փոխկապակցումը միեւնոյն բացարձակութիւնը ունի: Եթէ Կազայի մէջ կրակը դադրի, ապա իրենք պիտի դադրեցնեն նաեւ պատերազմական գործողութիւնները Իսրայէլի ուղղութեամբ:

Հիմա անցնինք տարածաշրջանային ճիգերուն, որոնցմէ ետք նաեւ` միջազգայինին:

Սէուտական Արաբիոյի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները զուգահեռ քննած են թէ՛ Կազայի եւ թէ՛ հարաւային Լիբանանի կամ հիւսիսային Իսրայէլի կացութիւնները եւ շեշտած են համակողմանի զինադուլի հաստատման եւ իրավիճակի ապալարուածութեան կարեւորութիւնը: Ուշագրաւ է, որ պատերազմական գործողութիւնները տարբեր ռազմաճակատներ ունին տարածաշրջանային տարողութեամբ, սակայն կեդրոնացումը Կազայի եւ հիւսիս-հարաւի վրայ է:

Տարածաշրջանային առումով կը շեշտուի յորդանանեան եւ եգիպտական դիրքորոշումներու նոյնութիւնը: Այստեղ նժարը հասկնալիօրէն աւելի պաղեստինամէտ կը հնչէ. կը խօսուի մարդասիրական աղէտի, ռազմական յանցագործութիւններու, միջանցքներու Իսրայէլի կողմէ վերահսկողութեան մեղադրանքի մասին, բայց մանաւանդ, որ եթէ այդ բոլորը չդադրին, ապա պատերազմը կրնայ ստանալ տարածաշրջանային տարողութիւն: Կը թուի, որ երկու պետութիւններու միջնորդական առաքելութիւնը զիջած է աւելի Քաթարին, որ զուսպ է մեղադրանքներ հնչեցնելու առումով: Իսկ Քաթարին այդ կարգավիճակը տրուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Միացեալ Նահանգներու «մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ» վարքագիծը անորոշութեան իրավիճակներ կը ստեղծէ, եւ այդ առումով տրամաբանական կ՛ընկալուին Լիբանանէն կատարուած այն յայտարարութիւնները, որ Միացեալ Նահանգներու վրայ կը տեղադրէ որոշ պատասխանատուութիւն անհրաժեշտ ճնշումը չբանեցնելու համար: Ինչ որ քաղաքականօրէն հասկնալի է ոչ միայն Իսրայէլի հետ, այլ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ հեռակառավարման գործիքը պահելու տեսակէտէն:

Աւելի կեդրոնանանք Ուաշինկթընի բանագնացին հետ կապուած իրադրութիւններուն վրայ: Ըստ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներու, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն կը ձգտի հասնիլ համաձայնութեան մը, որուն մէջ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը կրնան իբրեւ յաղթական կողմ երեւիլ: Այն լուծումներէն մէկը, որուն Հոքշթայն կը փորձէ  հասնիլ, սահմանի երկու կողմերէն ուժերու ամերիկեան երաշխաւորութեամբ ու ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխուժ դերակատարութեան ապահովումով հայելային հեռացումն է: Սակայն այս ձգտումը յաւելեալ քննարկումի կը կարօտի:

Խօսքը ուղղակիօրէն Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատումի մասին է, միջանկեալ միջազգային խաղաղապահութեամբ: Միջանկեալ գօտիի ընդլայնումի օրակարգ կայ փաստօրէն, ինչ որ կ՛ենթադրէ հայելային յետքաշում ուժերու: Արդէն կ՛ուրուագծուի ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը:

Այստեղ ի՞նչն է դիտարժանը: Նախ այն, որ ակնարկութիւն չկայ երկու ռազմաճակատներու հրադադարի փոխկապակցուածութեան մասին: Փաստօրէն 1701-ը մշակուած է Կազայի պատերազմէն շատ առաջ: Կազայի առընթեր Կապոյտ գիծի զինուորական բախումներով խախտումը: Պարզ է սակայն, որ գործընթացը հիմա պայմանաւորուած է Կազայի մէջ հրադադարի հաստատումով եւ անկէ անդին` բանակցութիւններով:

Երկրորդ խնամքով շրջանցուածը կը վերաբերի երկրորդ երաշխաւորութեան: Այս պարագային ամերիկեան երաշխաւորութիւնը միայն բաւարար չէ: Յար եւ մնան Կազայի կայ երկրորդ գլխաւոր խաղցողի երաշխաւորութեան անհրաժեշտութիւնը: Ծովային սահմանազատումի համաձայնութեան նման ցամաքային համաձայնութիւնը կ՛իրականանայ ըստ էութեան Թեհրան-Ուաշինկթըն գործարքով: Նոյն հետեւողութեամբ ալ Կազայի հրադադարը, «երկու պետութիւն» բանաձեւին ընդառաջ բանակցութիւնները, Կապոյտ գիծի վերահաստատումը եւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանազատումի գործընթացը: Եւ այս առումով ճիշդ է դիւանագիտական աղբիւրի հրապարակումը: Այս գործընթացները տակաւին յաւելեալ քննակումի կը կարօտին:

 

«Ա.»

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն