Անցնող ժամերուն լիբանանեան բանակային ուժերու մեծ կուտակումներ երեւելի դարձած են Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։
Կը նշուի, որ սուրիացի մը ( Անունը՝ Ուիսամ Մազէն Տալլա), ինքզինք վար նետած է «Հայ Ալ Սըլլոմ» թաղամասի իր մերձաւորներու րդ յարկէն, փոխադրուած հիւանդանոց ու ապա մահացած։
Աւելի ուշ ապահովական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Տալլա (23 տարեկան) մասնակից դարձած է շաբաթներ առաջ Դամասկոսի «Սըթ Զայնէպ» թաղամասին մէջ որոտած ահաբեկչկան պայթումի կազմակերպման, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած էին զոհեր եւ վիրաւորներ։
Կը նշուի, որ հետախուզման աշխատանքներուն մասնակից դարձած են «Հըզպալլա»ի անվտանգութեան խորհուրդի յատուկ ջոկատայիններ։
وصلت معلومات الى الجهات المعنية في حزب الله عن دخول شخص سوري يدعى '' وسام مازن دلا'' مواليد ٢٠٠٠ من منطقة التل خلسة الى لبنان وهو المسوول عن التفجير الذي حصل في منطقةالسيدة زينب ليلة العاشر من محرم وقد ذهب ضحيته عدد من الشهداء.
— مصدر مسؤول (@fouadkhreiss) August 18, 2023
pic.twitter.com/WtteC6wXW2