image

Աղօրհնէք Ղընեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ

Աղօրհնէք Ղընեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի նախօրեակին աղօրհնէք կատարած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ մատաղի պատրաստութեան համար։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի նախօրեակին, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան հաւատացեալներու ներկայութեամբ աղօրհնէք կատարեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ մատաղի պատրաստութեան համար։ 

Յիշենք, որ Ուրբաթ 19 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, որմէ ետք աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարուի։