Երէկ՝ Կիրակի 06 Սեպտեմբեր 2025-ին Վանի Աղթամար Կղզիին վրայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է։ Կրօնական արարողութեանց նախագահած է Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը։
«Արեւելք» սոյն արարողութեան մասին վերահասու դարձաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 7 Սեպտեմբեր 2025, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը 6 Սեպտեմբեր 2025, Շաբաթ, միջօրէի թռիչքով, մեկնեցաւ Ըղտըր՝ Աղթամարի ուխտագնացութեան եւ Ս. Պատարագին նախագահելու համար։
Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանային գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հասաւ Վան:
Մինչ այդ, առաւօտեան թռիչքով Ըղտըր մեկնեցան Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի գլխաւորութեամբ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։
Խումբը միջօրէին հասաւ Ըղտըր, ուրկէ անցաւ Վան եւ ուղղակի մեկնեցաւ Աղթամար Կղզի։
Այստեղ քահանայ հայրերու գլխաւորութեամբ սարկաւագներ եւ դպիրներ կատարեցին անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները։ Փոխադրուեցան եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։ Զարդարուեցաւ Ս. Սեղանը, ինչպէս նաեւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ փորձ կատարեցին, ի ներկայութեան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու։
7 Սեպտեմբեր 2025, Կիրակի
Ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու պզտիկ խումբեր ճամբայ ելան դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։
Նոյն առթիւ, ուխտագնացութեան մաս կազմեց նաեւ Մեծն Բրիթանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան:
Առաւօտեան ժամը 09.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։
Սուրբ Պատարագ
Ժամը 10.30-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեանը։
Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Բրշ. Նայիրի Սրկ. Աֆրիկեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճեան, Բրկ. Մելքոն Ուր. Դպ. Արըք եւ Լեւոն Դպ. Ակիւլեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Ապահովութեան Տնօրէն Մուրատ Մութլու եւ Վանի Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Տնօրէն Ապտուրրահման Շահին։
Քարոզ
Տէրունական Աղօթքէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդածութիւն կատարեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչափայտի եւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի շինութեան մասին: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս եկած էր Աղթամար՝ աւանդական դարձած ուխտագնացութեան նախագահելու եւ Ս. Պատարագով ուխտագնացութիւնը իր գագաթին հասցնելու: Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին, որ այս ուխտագնացութեան բարերարութիւնը ստանձնեց, Արմաշ Դպրաց Խումբին, որ երգեցողութիւնը կատարեց, ապա պետական եւ տեղւոյն աւագանիին, յատկապէս Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին, Վանի Կուսակալ Օզան Պալճըին, Վանի Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Տնօրէնին, որ բարի եղած են գործակցիլ Աթոռոյս, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլ եւս աւանդական դարձած ուխտագնացութիւնը։
Ապա մեր Հոգեւոր Պետին ուղղեալ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց պատարագիչ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան: Ապա Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց «Որովհետեւ ա՛ն է մեր խաղաղութիւնը. ինք երկուքը՝ մէկ ըրաւ, ու քակեց մէջտեղի անջատող պատը, իր մարմինին մէջ ոչնչացնելով իրարու միջեւ եղած թշնամութիւնը, այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով, ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով» (Եփես 2.14-16) բնաբանով:
Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Հոգեհանգիստ
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Անդաստան
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Ապա Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան արարողութիւնները։
Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/2858439617659709 ):