image

7 Օգոստոսին Արցախի Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստ պիտի գումարէ

7 Օգոստոսին Արցախի Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստ պիտի գումարէ

Ըստ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 114րդ եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 40րդ յօդուածներուն՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ, 7 Օգոստոս 2023ին, ժամը 10ին պիտի գումարուի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանը` նախաձեռնողի սահմանած` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան  օրակարգով:

Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն: