image

6 Պաշտօնանկութիւն մէկ օրուան մէջ. Որոնք են հեռացած պաշտօնեաները

6 Պաշտօնանկութիւն մէկ օրուան մէջ. Որոնք են հեռացած պաշտօնեաները

Աշխատանքէն ազատման դիմումներ գրած են Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեանը, Հակակոռուպցիոն կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեանը, ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանը, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանն, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանն ու Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը։ 

Աւելի վաղ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած էր, որ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ «խնդրած է թողել իրենց զբաղցուցած պաշտօնները»։

«Նման խնդրանքով դիմելու պատճառները անձնաւորուած չեն, այլ համակարգային, որոնց մասին հրապարակային խօսել եմ»,-դիմատետրի իր էջին գրած է Փաշինեանը։

Նշենք, որ Կառավարութեան վերջին՝ նոյեմբեր 15-ի նիստին վարչապետը յայտարարած էր, որ իրաւապահ համակարգէն յստակ արդիւնքներ կը պահանջէ։ «Դատական, իրաւապահ, ուժային կառոյցների յարգելի ներկայացուցիչներ, իմ համբերութեան բաժակը լցուել է»,-ըսած էր Նիկոլ Փաշինեանը։