Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն ուռուցքային եւ սիրտ-անօթային համակարգի ծանր հիւանդութիւններ ունեցող, ինչպէս նաեւ վիրահատութիւն պահանջող ախտաբանութեամբ վեց հիւանդներ, այսօր՝ 4 փետրուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
«Արեւիկ» բժշկական միաւորման մէջ 6 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 9 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։
Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 70 հիւանդ։